ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Համահայկական այս համաժողովներուն կարեւորագոյն մարտահրաւէրը, հաւանաբար, լիարժէք մասնակից դառնալու բանաձեւը գտնելն է:
Կրնաս առիթ ունենալ ելոյթի, զեկոյցի, բայց տակաւին լիարժէք մասնակից չես զգար դուն քեզ: Հաւանաբար, համագումարէն եզրակացութիւն հանելու գործընթացին մէջ դերակատարութիւն չունենալու պատճառով է որ կը ծնի այդ զգացողութիւնը:
Օրինակ, այս համագումարներուն ընթացքին կ՛ընթերցուին յայտարարութիւններ, երբեմն նոյնիսկ չեն ընթերցուիր, այլ յետոյ կը հրապարակուին. անոնք իբր թէ ստացած են համագումարին ներկայ եղողներուն համաձայնութիւնը:
Համագումարին վերջին յայտարարութիւնն ալ նո՛յն ձեւով եղաւ, եւ ես, օրինակ, չեմ գիտեր, թէ մասնակիցներէն քանի հոգի ներդրում ունեցած էր այդ յայտարարութեան խմբագրման գործընթացին: Կը կասկածիմ, թէ կազմակերպիչներէն բացի՝ ուրիշ ոեւէ մէկը ինչ որ ներդրում ունեցած ըլլայ: Մեծաթիւ ժողովականներու անպատհեհութեան կարելի է վերագրել այս գործելակերպը, մանաւանդ երբ յայտարարութիւնները ընդհանուր, բոլորին կողմէ ընդունելի նկատուող բովանդակութիւն կ՛ունենան: Այդ պարագային, համագումարին իմաստը ի՞նչ է, երբ արդէն իսկ ընդունելի, արդէն իսկ անվիճելի համարուող բաղձանքներ կամ կեցուածքներ կը ներկայացուին այդ յայտարարութեանց մէջ:
Այս համագումարին, շատ պիտի փափաքէի կարծիքս յայտնել երկու հարցերու վերաբերեալ՝ Սփիւռք-Հայաստան Համահայկական խորհուրդի կազմաւորման եւ Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեանց վերաբերեալ: Այս երկու կարեւոր հարցերը քննարկուեցան ընտրովի կամ նշանակովի մարդոց փակ շրջանակի մը մէջ…
Հաւանաբար, մասնակից չըլլալու այս զգացողութիւնն է, որ շատերը կը մղէ համագումարի 2րդ օրն իսկ բացակայելու նիստերէն, կամ՝ միջանցքներու մէջ շրջագայելով գոհանալու: Երկրորդ օրը, օրինակ, ներկայ ըլլալով պաշտպանութեան հարցերով կարեւոր խնդիրներու քննարկման՝ նկատեցի, որ Սփիւռքէն հազիւ մատի վրայ հաշուըւողներ միայն ներկայ էին դահլիճին մէջ: Որո՞ւն համար էին ուրեմն այդ քննարկումները, որոնք պէտք է հետաքրքրութիւն յառաջացնէին Սփիւռքի մէջ՝ խթանելով անոր ներգրաւումը աշխատանքներուն մէջ:
Այս բոլորին եթէ միացնենք այն իրողութիւնը, որ համագումարի ղեկավարման ու նիստերու նախագահութեան մեծագոյն բաժինը վերապահուած էր պետական պաշտօնեաներու, որոնք ներկայացուցին, ամփոփեցին ու եզրակացուցին նիւթերը, ապա կրնաք պատկերացնել, թէ ներկաները իրենք զիրենք որքանո՛վ մասնակից զգացին համաժողովի աշխատանքներուն…
Bazum axmuk vasn…..??
Ես վաղուց է, որ հաւատս կորցրել եմ այդ «համա»-ներից…: Նայեցէք, վերջին երկտասնամեակին, քանի՜ քանի՜ նմանատիպ, «համա»-ներ են տեղի ունեցել եւ յետոյ ի՞նչ արդիւնք են ներկայացրել: Ինչո՞վ են արդարացրել իրենց ծախսալից հաւաքները:
Շատ հիմնական հարց ես քննարկել սիրելի Աբօ: Իրապէս որոշումներին մասնակից չը լինէլու այս զգացողութիւնը բոլոր հասարակութիւններում, կազմակերպութիւններում և մակարդակներում ցաւալի երևոյթ է, բայց նաև դա է առարկայական դառն իրողութիւնը գրեթէ ամենուրէք, մասնակցութեան սահմաններն են միայն տարբեր…
Հարցադրումդ շատ տեղին է, բայց եթէ այսօր տեղի ունենայ նման ժողով, նոյն ձեւով պիտի ընթանայ:
Մինչև այնքան ժամանակ, որ Սփիւռքը իր զգացումներով է առաջնորդւում և չի ուզում տեսնել «Դառն ճշմարտութիւն»ը, այսպիսի խաբուսիկ «Համա»ները տակաւին տասնեակ տարիներ շարունակւելու են