Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 25ին ընդունած է լոսանճելըսահայ բարերար Ալեք Բաղդասարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարին՝ Արցախին մշտապէս սատարելուն եւ Արցախի զարգացման գործին մէջ անոր աշխոյժ մասնակցութեան համար: