Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ շնորհահանդէս՝ Գէորգ Մսըրլեանի «Ըրպիտի եւ Հիւսիսային Յորդանանի Հայերը» գիրքին։
Գիրքը հրատարակուած է արաբերէնով եւ անգլերէնով. անիկա լոյս կը սփռէ Յորդանանի Ըրպիտ քաղաքին եւ հիւսիսային Յորդանանի մէջ հայ համայնքի ծագման, աճման, զարգացման եւ թիւի նուազման նիւթերուն վրայ:
Նշենք, որ հեղինակը նոյն այս նիւթով անցեալ տարի հանդէս եկաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ, հայկական ամպիոնին հրաւէրով:
Գէորգ Մսըրլեան ծնած է Ըրպիտ, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը: Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք Ամմանի մէջ, ան գացած է Հայաստան եւ վկայուած իբրեւ եկրաչափ՝ Երեւանի Պետական համալսարանէն:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 5ին, Ալթատինայի ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001, corner of New York Dr.)։
Մուտքը ազատ է, իսկ ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն: