ԼԱ ՔՐԱՍԵՆԹԱ.- Հայաստանի անկախութեան հռչակման 26րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2017ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։
Առաջնորդ սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, գլխաւորեց Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը, կատարեց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան. ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը սկսաւ խաչի եւ դրօշակի թափօրով. ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներ հայկական Եռագոյնը բերին Ս. խորան, մինչ դպրաց դասը կ՛երգէր «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» շարականը։ Հետեւեցան աղօթքներ, շարականներ, Ս. Գրային ընթերցումներ. աղօթք բարձրացուեցաւ ի խնդիր մեր հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ երկրի ղեկավարներուն գործոց բարեաց յաջողութեան։ Առաջնորդ սրբազանը ապա կատարեց դրօշի օրհնութիւնը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրեց մեր ազգի յառաջդիմութեան համար։
Իր պատգամին սկիզբը, առաջնորդ սրբազանը խնդրանք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի պահէ եւ պահպանէ մեզ, մեր հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը։ Ապա, հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հանրապետական մաղթանքի իմաստն ու նպատակը։
Ան յայտնեց նաեւ, որ այսօր, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, մեր եկեղեցին կը նշէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի բարեկենդանը, որ Խաչի չորս տօներէն մէկն է, յատուկ է մեր եկեղեցւոյ եւ անոր արմատները կ՛երթան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման օրերը։ Արդարեւ, Ս. Հռիփսիմէն Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը Հայաստան բերած էր եւ վտանքի օրերուն զայն ապահով վայրի մը մէջ պահած էր. 7րդ դարուն, երբ Հայաստան ինկած էր արաբական տիրապետութեան տակ, հրաշքով մը Ս. Խաչը գտնուեցաւ Վարագ լերան վրայ, եւ այնուհետեւ, մեր պատմութեան ամենադժնդակ օրերուն պահպանեց մեզ։ Մեր ժողովուրդը խաչի լոյսին հետեւելով՝ քալեց դարերու ընդմէջէն, մինչեւ որ հասաւ 1918 թուականը, երբ ծնունդ առաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը։ Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքէն ետք, Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ համայնավար տիրապետութիւն, եւ ահա, 70 տարի ետք, Հայաստան վերստին անկախ դարձաւ՝ 26 տարի առաջ, իսկ մենք 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, միասնաբար նշեցինք անկախութեան տօնը, բացատրեց առաջորդը։
«Հայաստանի անկախութեան 26րդ տարեդարձը նշեցինք այն օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ իր լրումին կը հասնէր Հայաստան-Սփիւռք 6րդ խորհրդաժողովը, որ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» նշանաբանին տակ՝ կոչուած էր ի մի բերելու հայութեան երկու գլխաւոր թեւերուն՝ հայրենի ու արտերկրի հայութեան ձեռքերն ու հայրենաշինութեան կամքը», շարունակեց առաջնորդ սրբազանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. կաթողիկոս եւս մասնակցեցաւ այդ խորհրդաժողովին ու իր հայրապետական պատգամով կատարեց արդար գնահատականներ՝ մատնացոյց ընելով հայրենի պետութեան ու համայն հայութեան դիմաց տարածուող գործի անդաստանները։
Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ «Հայաստանի անկախութեան 26րդ տարեդարձը տօնեցինք այն օրերուն, երբ ողջ հայութիւնը արդէն սկսած է պատրաստուելու Սարդարապատի ու զուգահեռ հերոսամարտերու երկունքէն ծնած՝ 28 Մայիս 1918ի անդրանիկ հանրապետութեան 100րդ տարեդարձին։ Հայաստանի պետութիւնն ու սփիւռքեան կառոյցներ այժմէն իսկ ձեռնարկած են նախապատրաստական աշխատանքի, որպէսզի հարիւրամեակը տօնուի պատշաճ շուքով եւ յարգանք մատուցուի հայուն պետականութիւնը վերականգնող սերունդին»։
Ան յիշեցուց նաեւ, որ «1988ին հնչած Արցախեան պահանջատիրութիւնը պատրաստեց այն ուղին, որ 1991ին Հայաստանի ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի անկախութեան հանրաքուէ. մեր ժողովուրդը բացարձակ մեծամասնութեամբ «այո՛» քուէարկեց անկախութեան ընտրանքին, եւ 21 Սեպտեմբերի պատմական հռչակագիրով Հայաստան վերստին դարձաւ անկախ պետութիւն, ու հայկական գերիշխանութիւնը վերահաստատուեցաւ մեր պատմական հայրենիքի տարածքին»։
Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ «26 տարիներու երթը նոր հանգրուաններ կտրած է մեր ազգային իրաւունքներուն ճանաչում ապահովելու ճանապարհին։ Երկու տարի առաջ կտրեցինք Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանը եւ մեծ յառաջխաղացքներ արձանագրեցինք մեր Դատի ճանաչման ճամբուն վրայ. Արցախեան պայքարը մինչեւ այսօր կը շարունակուի աննահանջ ու անսասան կամքով՝ մնալով այն հունին մէջ, որ սկիզբ առած էր անկախութեան հռչակման նախօրեակին։ Փաստօրէն, Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու մեր պատմական հերոսամարտերու դաշտերը այսօր փոխադրուած են Արցախ, ուր մեր քաջարի բանակայիններն ու ֆետայիները հայրենի հողը կը պաշտպանեն գերագոյն զոհողութիւններով, իրենց կողքին ունենալով ամբո՛ղջ հայութիւնը: 26 տարի առաջ վերածնած անկախութիւնը մարմնաւորեց Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան աւանդներն ու ժառանգութիւնը։ Եռագոյն դրօշը անգամ մը եւս ծածանեցաւ մեր հայրենիքի երկնակամարին, վերականգնեցան քայլերգն ու զինանշանը, վերակազմաւորուեցան բանակն ու պետական հաստատութիւնները։ Եւ ահա, 26 տարիէ ի վեր, Հայաստան կը քալէ իր սեփական ուղիով, տէրն է իր ճակատագիրին եւ աւանդապահը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրին, որ մեզի հասած է անդրանիկ հանրապետութենէն»։
Ան ընդգծեց, որ մենք եւս, իբրեւ Արեւմտեան թեմի հաւատաւոր զաւակներ, հպարտ ենք Հայաստանով, զօրակից ենք Արցախի ինքնապաշտպանութեան լծուած բանակայիններուն ու ազատամարտիկներուն, Արցախի ու Հայաստանի պետութեանց»։ Ան իր պատգամը եզրափակեց՝ կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն, որ «այսօր, անգամ մը եւս աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած ու խնդրենք, որ անվտանգ պահէ մեր անկախ հայրենիքը, հզօրացնէ մեր հողերուն ու սահմաններուն պաշտպանները՝ բանակն ու զինակից ազատամարտիկները, եւ մեր պետութեան ղեկավարներուն պարգեւէ իմաստութիւն ու կարողութիւն՝ մեր հայրենիքի նաւը առաջնորդելու դէպի խաղաղութեան ափ, դէպի ամրակայում եւ բարգաւաճում»։ Ան օրհնեց հայրենիքի պաշտպանները եւ մաղթեց, որ հայկական Եռագոյնը հպարտօրէն ծածանի մեր հայրենիքին ու աշխարհասփիւռ հայութեան երկնակամարին։
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը անակնկալ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին ի պատիւ առաջնորդ սրբազանին, անոր ծննդեան 60րդ տարեդարձին առիթով։
Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւոր հովիւը, Ազգային վարչութեան ատենապետը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան, դպրաց դասի, կիրակնօրեայի, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, ՀՕՄի Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի եւ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան անդամներ։
Առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքի խօսքեր ուղղեցին Ռազմիկ Ա. քահանան, Ազգ. վարչութեան ատենապետն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանը։ Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ անակնկալին համար։
Այս առթիւ պատրաստուած էր տարեդարձի կարկանդակ մը, որուն հատումէն ետք ներկաները առիթ ունեցան շնորհաւորելու առաջնորդ սրբազանը։