ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութիւնը կազմակերպած է ցուցադրութիւնը Հենրիկ Մալեանի «Կտոր Մը Երկինք» շարժապատկերին, որուն մէջ գլխաւոր դերերով հանդէս կու գան Մհեր Մկրտչեան եւ Աշոտ Ադամեան:
«Կտոր Մը Երկինք»ը պիտի ցուցադրուի Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ, 415 E. Broadway, Glendale: Մուտքը ազատ է:
«Կտոր Մը Երկինք»ը կը պատմէ Խարբերդի մէջ մեծցած որբ Թորիկի մասին: Մօրաքրոջ եւ անոր արհեստաւոր ամուսինի խնամքի տակ կը մեծնայ երկչոտ տղան՝ Թորիկը: Ամէն ինչ խաղաղ ընթացքով կրնար երթալ, բայց Թորիկը կը մեծնայ եւ կ՛ամուսնանայ հասարակաց տան աղջկայ մը հետ: Քաղաքը չի կրնար ներել անոր, սակայն երիտասարդը յանուն իր երջանկութեան վճռականութիւն եւ համարձակութիւն կը ցուցաբերէ: