ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական թերթերը կը գրեն, թէ գերմանական «Աքսել Սփրինկեր» լրատուական հսկայ ընկերութիւնը կը պատրաստուի բողոքի լայնածաւալ արշաւ մը կազմակերպելու Թուրքիոյ մէջ. անիկա ուղղուած է գլխաւորաբար «Վելթ» թերթի թղթակից Տենիզ Եուճելի, ինչպէս նաեւ այլ գերմանացիներու բանտարկութեան դէմ։
Նոյն ընկերութեան Տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մաթիաս Տէօփֆներ նամակներ ուղարկած է գերմանական 30 ընկերութիւններու նախագահներուն, սոյն արշաւին աջակցելու խնդրանքով։ Ան նշած է, որ իրենց նպատակն է ապահովել ազատ արձակումը Եուճելի ու միւս գերմանացիներուն՝ աւելցնելով. «Մեր նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ առկայ անբարենպաստ դրութեան վրայ»։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած են գերմանահպատակ 54 անձեր, որոնցմէ 11ը՝ քաղաքական պատճառներով։