ՊԱՔՈՒ.- Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ առաջարկած է Ատրպէյճանը հեռացնել Եւրոխորհուրդէն. այս մասին հաղորդեց ատրպէյճանական «Ազատլիք» լրատու գործակալութիւնը:
Եակլանտ անդրադարձած է 2013ին Ատրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակցելուն եւ իշխանութիւնները քննադատելուն պատճառով ձերբակալուած գործիչ Իլկար Մամետովի հարցին՝ նշելով, որ Եւրոպական դատարանի դատաւորները բացայայտած էին, թէ Մամետով ձերբակալուած էր միա՛յն քաղաքական շարժառիթներով եւ պէտք է ազատ արձակուի, սակայն Պաքու մերժած էր կատարել այդ պահանջը։
Եակլանտ պահանջած է, որ մարդկային իրաւունքներու ծիրին մէջ Եւրոպական դատարանի որոշումները չկատարելու եւ քաղաքական բանտարկեալը ազատ չարձակելու պատճառով՝ Ատրպէյճանի դէմ յստակ քայլեր որդեգրել:
«Եւրոպայի մէջ քաղաքական բանտարկեալ պէտք չէ ըլլայ: Պէտք չէ հանդուրժենք այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը զայն ազատազրկած է», ըսած է Եակլանտ: