ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 20ին Արցախ այցելած են Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրանք Փալոն (Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ) եւ Թուլսի Կապարտ (Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ), ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերթ Աւետիսեանի, Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահ Էնթընի Պարսամեանի եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ամերիկեան կառոյցի տնօրէն Մարիա Միհրանեանի:
Քոնկրեսականները Շուշիի մէջ դիմաւորուած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ: Այնուհետեւ, հիւրերը այցելած են Շուշիի արհեստագործական ուսումնարանը եւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին։
Ազգային ժողովի նախագահի աշխատասենեակին մէջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցէն ետք կայացած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը, ուր հիւրերուն միացած է Համբարեան: Նիստերու մեծ դահլիճին մէջ կազմակերպուած հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հանրային-քաղաքական եւ գիտակրթական ոլորտներու պատասխանատուներ:
Ներկայացնելով հիւրերը՝ Արցախի ԱԺ նախագահը նշած է, թէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ միշտ զգալի է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին աջակցութիւնը՝ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերու մէջ: Ղուլեան կարեւոր համարած է 2006էն ի վեր Քոնկրեսին մէջ՝ Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ Արցախի միջազգային ճանաչման հարցով քոնկրեսականներու հետեւողական ջանքերը:
Իր կարգին, Փալոն անդրադարձած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ձեւաւորուած աւանդոյթներուն, եւ գոհունակութիւն յայտնած է Արցախի մէջ նկատուող քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային յառաջընթացին կապակցութեամբ: Ան շեշտած է, թէ համախմբումի աշխատանքներուն մաս կը կազմէ Արցախին միջազգային ճանաչում ապահովելու հարցը:
Քոնկրեսական Կապարտ, խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցին մասին՝ ընդգծած է, թէ որպէս նախկին զինուորական՝ լաւ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքին, եւ, որպէս իշխանութեան ներկայացուցիչ՝ հետագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 19ին, քոնկրեսականներ Փալոն, Կապարտ, Տէյվիտ Վալատաօ, Ճիմ Սենսնպրենըր, Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփիր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, շեշտելով Արցախին միջազգային ճանաչում ապահովելու կարեւորութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած էին Ամերիկա-Արցախ յարաբերութիւններուն, ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր: Նախագահ Սահակեան, այս առիթով, «Երախտագիտութիւն» շքանշանը յանձնեց քոնկրեսականներ Փալոնի, Էշուի եւ Սփիրի՝ գնահատելով Արցախի անկախութեան ճանաչման գծով անոնց տարած աշխատանքը։ Աւելի ուշ, քոնկրեսականները հանդիպում մը ունեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ։