ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ աւելի քան երկվեցեակ նահանգներէ Ներկայացուցիչներու տան 27 անդամներ եւս որոշած են հովանաւորել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 220 բանաձեւը՝ ընդունելով, որ նման քայլ մը կենսական է ապագայ ցեղասպանութիւններու առաջքը առնելու համար։
Հովանաւորներու այս խումբին մեծ մասը կարելի եղած է ապահովել՝ շնորհիւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիրի, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու ջանքերուն։
Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրսական Սփիրին եւ բանաձեւի համահեղինակներ՝ Տէյվիտ Թրաթին ու Էտըմ Շիֆին։
Նշեալ 27 քոնկրեսականներն են՝ Քերըն Պես, Մայքըլ Քափուանօ, Ճան Քանիըէրս Կրտսեր, Ճօ Քորթնի, Լոյտ Տեկեթ, Թուլսի Կապարտ, Քոլին Հանապուսա, Մարսի Քափթուր, Ճոզէֆ Քենետի Գ., Ռօ Խանա, Ռուպըն Քիուըն, Ռաճա Քրիշնամուրթի, Պարպարա Լի, Ճան Լուիս, Էլըն Լօունթալ, Քերըլայն Մըլոնի, Ճան Մուլինար, Ճերըլտ Նետլըր, Ռիչըրտ Նիլ, Ռիչըրտ Նոլըն, Էտ Փերլմութըր, Քեթլին Ռայս, Լուսիլ Ռոյպալ Այարտ, Ճենիս Շաքովսքի, Տերըն Սոթօ, Թամըս Սուօզի եւ Փօլ Թոնքօ։