ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Արուեստներու ազգային հիմնարկը Սեպտեմբեր 14ին, Քոնկրեսի գրադարանին մէջ կայացած արարողութեան մը ընթացքին յանձնած է այս տարուան «Ազգային ժառանգութեան ջատագով»ի մրցանակները։ Այս հեղինակաւոր մրցանակը ստացողներէն մէկն էր հայազգի արուեստագէտ Նորիկ Աստուածատուրով:
Հիւսիսային Տաքոթա հաստատուած Աստուածատուրով, մետաղներու եւ կիսաթանկարժէք քարերու օգտագործումով իւրայատուկ ստեղծագործութիւններ կ՛արտադրէ: Անոր հայրը եղած է Հայաստանի Զանգեզուր շրջանէն, ապա փոխադրուած է Պաքու, ուր տեղի ունեցած է ընտանիքին Աստուածատուրեան մականունին ռուսականացումը: Նորիկ աշակերտած է այս մարզի հայ վարպետ Գոգային՝ սորվելով հայ մետաղագործներու հին ձիրքերը: Ան Պաքու ապրած է մինչեւ 1980ականներու վերջաւորութիւնը, երբ սկսած են հակահայ ջարդերը, որոնցմէ փախուստ տալով՝ կրցած է Միացեալ Նահանգներ ապաստանիլ 1992ին:
Իր աշխատանքին կողքին, ան նաեւ աշխատանիստեր կը կազմակերպէ՝ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար այս իւրայատուկ արուեստին գաղտնիքները:
Նշենք, որ Արուեստներու ազգային հիմնարկը հաստատուած է 1965ին՝ Քոնկրեսին որոշումով, եւ այդ թուականէն ի վեր, 422 մրցանակներ՝ ներառեալ այս տարուանները, շնորհած է արուեստի մարզերու մէջ ստեղծագործող աւելի քան 200 արուեստագէտներու: