Մալիզիոյ Փենանկ նահանգի Ճորճթաուն քաղաքի կեդրոնին մէջ հայկական այգի բացուած է:
«Այգին, որ 1600 քառ. մեթր տարածք կը զբաղեցնէ, նախատեսուած է հանրային խաղերու եւ ձեռնարկներու կազմակերպման համար: Անիկա մէկ մասն է քաղաքի կանաչապատման ծրագիրին», Փենանկի նահանգապետ Տաթուկ Մայմունախ Շէրիֆի խօսքերը կը մէջբերէ մալիզեան «Տը Սան Տէյլի» թերթը:
«Հայերն Այսօր»ը, յղում կատարելով «Ռուսարմինֆօ»ին, կը նշէ, որ թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Ճորճթաունի բնակիչները արդէն ժամանցի եւ հանգիստի նոր վայր մը կ՛ունենան:
Այգին, որուն կառուցումը սկսած էր 2016ին, կը գտնուի «Արմէնիըն Սթրիթ» կամ «Լեպուհ Արմինիա» (Armenian Street, Lebuh Armenian) փողոցի հարեւանութեամբ: