ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Հայրենիք».- Օգոստոս 5ին, Նիւ Եորքի մէջ, Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կատարեց լիագումար նիստ մը, որուն կարեւորագոյն օրակարգը վերամուտին եւ յառաջիկայ տարեշրջանին վերաբերեալ պատրաստութիւններն էին:
Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շրջանի ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան, որ գնահատեց վարչութեան բեղուն գործունէութիւնը:
Կարճ ժամանակաշրջանի մը համար, իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեան:
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեան, որ շեշտեց, թէ յառաջիկայ տարին ոչ միայն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակն է, այլ նաեւ՝ Համազգայինի 90ամեակը, եւ այս առթիւ, մանրամասնօրէն քննարկուեցաւ ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպելու առաջադրանքը:
2018ի՝ Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդներուն համար կազմակերպուած «Արթլինքս» (Artlinks) չորրորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանին մէջ: Նաեւ, շրջանէն երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համախմբումին, որ կը կատարուի տարեկան դրութեամբ, Հայաստանի մէջ:
Ժողովը քաջալերեց, որ շրջանին մէջ գործող զանազան գաղթօճախներու պարախումբերը հաւաք-զրոյցներ կազմակերպեն:
Նշենք, թէ Օգոստոսին նմանօրինակ հաւաք մը մեծ յաջողութեամբ պսակուած էր:
Հուսկ, ժողովը նաեւ անդրարձաւ շրջանին մէջ քանի մը տարիէ ի վեր կատարուող զարգացման մրցումին (Hamazkayin Armenian Knowledge Bowle), որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է, յատկապէս երիտասարդներու մօտ: