ՊՈԼԻՍ.- Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական բանակը կը շարունակէ ուժեր ուղարկել դէպի Ալեքսանտրէթի նահանգ, Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ: Արդարեւ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Սեպտեմբեր 17ին Ալեքսանտրէթ հասած են թրքական յաւելեալ ուժեր, ամրապնդելու համար Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ արդէն իսկ գտնուող թրքական դիրքերը: Մօտաւորապէս 80 զրահապատ մեքենաներ, ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ՝ բեռնատարներով փոխադրուած են սահման:
Թուրքիա, յաջորդաբար չորրորդ օրն ըլլալով, նաեւ կը շարունակէ յաւելեալ ուժեր ուղարկել դէպի Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին հետ իր ունեցած սահմանային շրջանը:
Յիշեցնենք, որ Ուրբաթ օր Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան Ասթանայի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին՝ Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի մը ստեղծման շուրջ:
Միւս կողմէ, «Ճահպաթ Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական անապատի շրջանէն ուժեր կը տեղափոխէ Իտլիպ նահանգի՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ Աթմա շրջանին ուղղութեամբ։