ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 15ին, նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները» միջազգային գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած խումբ մը գիտնականներ եւ փորձագէտներ:
Միրզոյեան կարեւոր նկատած է արցախեան հիմնախնդիրն ու մասնաւորապէս Արցախի միջազգային ճանաչման նուիրուած գիտական նման քննարկումները: Ան անդրադարձած է Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի շարք մը հարցերուն եւ ընդգծած է, թէ Արցախի միջազգային ճանաչումը այլեւս անշրջելի գործընթաց է, որ լո՛ւրջ խթան պիտի հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն: