ԵՐԵՒԱՆ.- «Սիւնիք» օդակայանի վերագործարկման ուղղուած աշխատանքներու ծիրին մէջ մեկնարկած է նաեւ օդակայանի շէնքի կառուցման գործընթացը, «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Ռոբերտ Հայրապետեան:
Ան տեղադրած է նաեւ շէնքի նախագիծի լուսանկարները:
Նշենք, թէ նախապէս Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան յայտնած էր, որ կարեւոր է աշխատանքներու արագութիւնը, բայց առաւել կարեւոր է որակը:
«Սիւնիքի մարզկեդրոնի հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն կը դարձնենք 40 վայրկեան», կ՛ըսէ Յակոբեան՝ օդակայանի կառուցման առիթով իրականացուած տեսանիւթին մէջ:
Օդակայանի վերակառուցման աշխատանքները մեկնարկած են այս տարուան Մարտին:
Այս առիթով «ՓանԱրմինիըն»ը զրուցած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Սահակ Յակոբեանի հետ, որ ըսած է. «Օդակայանի շէնքը պիտի ունենայ շուրջ 900 քառ.մ. մակերես: Կը նախատեսուին, որ շէնքին մէջ ժամական 100 ուղեւոր սպասարկուի: Անիկա պիտի համապատասխանէ անվտանգութեան բոլոր չափանիշներուն: Նոյն շէնքին մէջ պիտի գործէ նաեւ օդանաւներու «Նեվիիկէյշըն» (navigation) կեդրոնը: Աշխատանքները կը ծրագրենք աւարտել մինչեւ 2018ի առաջին կիսամեակի աւարտը»:
Մարզպետի խորհրդականը կը տեղեկացնէ, որ օդակայանը կը ծրագրեն շահագործման յանձնել մինչեւ 2018ի կէսերը: Յայտնենք, որ օդակայանի շէնքի կառուցման նախագիծի հեղինակը «Տրանսնախագիծ» ընկերութիւնն է: