ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանրութեան դատին ներկայացուց բոլոր ոլորտներուն մէջ կառավարութեան մէկ տարուան գործունէութեան ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներուն վերաբերեալ հակիրճ հաշուետուութիւնը:
Հաշուետուութեան մէջ կը նշուի, որ 2017ի առաջին 7 ամիսներուն, տնտեսական աշխուժութիւնը աճած է 6.2 տոկոսով, հարկային եկամուտները՝ 6 տոկոսով, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը՝ 12.7 տոկոսով, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը՝ 26 տոկոսով:
Արտածումը աճած է 21.6 տոկոսվ, իսկ ներածումը՝ 28.5 տոկոսով:
Նուազած է գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան ոլորտներուն աճը:
Փաստաթուղթը ամբողջութեամբ կարելի է տեսնել այստեղ՝ http://gov.am/u_files/file/2016-report/Year%20Report_printed.pdf