ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Տէր Աստուած փառքը քեզ,
Քո լոյսով ուժ տուր մեզ,
Օգնիր, որ զօրանանք,
Հզօր Հայաստան դառնանք»:
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017ին մեր հայրենիքի վերանկախացման տարեդարձին առիթով, աշխարհատարած ողջ հայութիւնը արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ մեր հայրենիքի քսանվեցամեայ անկախութիւնն ու նուաճումները եւ, ի հարկէ, պիտի մաղթէ, որ շուտափոյթ լուծում գտնեն իր դժուարութիւնները, տեղքայլերը եւ ընկրկումները:
Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, տօնական եւ միասնականութեան ամէնէն գեղեցիկ օրինակը տալով՝ Սեպտեմբեր 21ին, կէսօրէն ետք ժամը 4էն մինչեւ կէս գիշեր, AABC եւ ARTN (388) կայաններէն պիտի հեռարձակուի հայրենակերտման, ազգակերտման ու մարդակերտման սուրբ ու պատուական մէկ գործին՝ Հայրենի ծնողազուրկ, հաշմանդամ եւ կարիքաւոր երեխաներու օգնութեան ի նպաստ հիմնադրամին 18րդ տարեկան թելեթոնը:
Այս տարի, ինչպէս անցեալին, հիմնադրամի նախագահ Յովհաննէս Բալայեանի կողմէ, մեծաշուք բացումը կատարուեցաւ Գիւմրիի 2րդ մանկապատանեկան «Լապտերիկ» դպրոցի՝ 34 հազար քառ. ոտք տարածք ունեցող եւ բոլորովին անգործածելի շէնքին: Իսկ այսօր, «Լապտերիկ»ը դարձած է Գիւմրիի 300է աւելի մանուկներու համար պալատանման շէնք մը եւ ինչու չէ նաեւ՝ սեփականութիւն…
Հիմնադրամի գործադիր մարմինը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ նաեւ, որ մեր ազնիւ հայրենակիցներուն օգնութեամբ, միայն Գիւմրիի մէջ, տասը ամսուան՝ 2016-2017ի ընթացքին, հիմնովին վերափոխուեցան աւերուած ու անգործածելի վիճակի մէջ գտնուած երկու մասնատուներ (56 հազար քառ. ոտք տարածքով): Միայն այդ երկու կառոյցներուն մէջ, այսօր ապահով ու հանգիստ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, կամ հոն կը յաճախեն, 600ի շուրջ երեխաներ եւ պատանիներ: Իսկ տարիներու ընթացքին հինադրամին կողմէ վերանորոգուած 9 մանկատուն դպրոցներէն, այսօր կ՛օգտուին 1900է աւելի երեխաներ։
Տեղին է յիշել, որ 1999 թուականէն, այս հիմնադրամի հիմնադրման առաջին օրէն իսկ, ամէն տարի, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ձմեռ Պապիկն ու Ձիւնանուշը նուէրներ կը բաժնեն երեխաներուն, իսկ Երեւանի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ, ապա պատանի արուեստագէտներու խումբը կ՛այցելէ 30-40 քաղաքներ, ի մասնաւորի՝ գիւղեր եւ մինչեւ իսկ սահմանային շրջաններ, համերգներով եւ նուէրներով կ՛ուրախացնեն մեր հազարաւոր երեխաները՝ անոնց պատգամելով, որ մենք մի՛շտ իրենց կողքին ենք։ Սոյն հիմնադրամին միջոցաւ նաեւ, տարիներու ընթացքին 1800է աւելի մեծածաւալ ծրարներով ուտեստեղէն ու հագուստեղէն առաքուած է Հայաստանի որոշ մանկատուներու:
Արդարեւ, որքա՛ն թաւալին տարիները, այնքա՛ն կը պայծառանայ եւ կը տեսնուի այս հիմնադրամին աստուածահաճոյ աշխատանքին գեղեցիկ արդիւնքը: 18 տարիներու ընթացքին հայրենաբնակ բազմահազար մանուկներ օգտուած են այս հիմնադրամին ծառայութիւններէն, կառուցած եւ նորոգած շէնքերէն, իսկ այսօր անոնցմէ շատերը մեր հայրենիքի պահպանման ու հզօրացման պատասխանատու երիտասարդներն են:
Անոնցմէ ոմանք՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ նենգ թշնամիէն մեր ժողովուրդը պաշտպանող քաջարի զինուորներ են, իսկ քաղաքին մէջ՝ պարկեշտ, նուիրեալ ու հայրենասէր երիտասարդներ են, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն հայրենակերտման գործին:
18 տարի առաջ Կլենտէյլ ապրող խումբ մը հայեր, գլխաւորութեամբ՝ գաղութիս ծանօթ հրապարակագիր, ազգային-հասարակական «Քաջ Նազար» հեռատեսիլի եւ նոյնանուն ամսաթերթի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր Յովհաննէս Բալայեանի, հիմը դրին այս հայրենանուէր գործին:
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս, դրամահաւաքին պիտի մասնակցին քաղաքային, գաւառային եւ նահանգային մակարդակի պետական անձնաւորութիւններ, գաղութիս հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներ, իսկ զանազան արուեստագէտներ իրենց արուեստով ու կոչերով պիտի խրախուսեն ժողովուրդը, որ մեծ կամ փոքր նուիրատուութեամբ սատարէ 18րդ թելեթոնի յաջողութեան:
Այո՛, սիրելի հայրենակիցներ, բոլորս ալ ժամադրուած ենք Սեպտեմբեր 21ին, հետեւելու քաղաքի AABC թիւ 384 եւ ARTN թիւ 388 կայաններէն սփռուած յայտագիրին ու մեր մասնակցութիւնը բերելու այս սրբազան գործին:
Այսօրուան ծնողազուրկ ու անտէր փոքրիկներուն տէր ըլլալով՝ անոնք կրնան մեր հայրենիքի լուսաշող աստղերը դառնալ եւ մեր ժողովուրդի փրկութեան լաստերը ըլլալ: Բնա՛ւ չթերագնահատենք կամ անտարբեր չըլլանք այս խաւին նկատմամբ… Բոլո՛րս ալ միասիրտ ամենագեղեցիկ օրինակը տանք, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21ին, մեր առատաձեռն մասնակցութիւնը բերելով այս թելեթոնին:
Հայաստանի Ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Յովհաննէս Բալայեանի, 18 տարիէ ի վեր կը կատարեն այս գործը՝ արժանանալով հայրենի ծնողազուրկ փոքրիկներու օրհնութեան ու գնահատանքին:
Եկէք մենք ալ, մեր նպաստով, այս մանուկներու դէմքին վրայ ժպիտ մը դնենք ու անոնց կեանքի մէկ հանգրուանին օգտակար ըլլանք: Չմոռնա՛նք, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017ի կէսօրէն ետք ժամը 4-12 դիտել AABC եւ ARTN հեռուստակայանները:
«Թող հայակերտ մեր երկիրը
Ծաղկի ու զօրանայ,
Մեսրոպատառ հայոց գիրը
Հայ մտքի լոյս դառնայ»։
Նուիրատուութիւնները կարելի է ընել հետեւեալ հասցէին.
Armenian American Orphans Disabled Children Fund, Inc.
Non-Profit Organization
A Tax-Exempt 501 (c)3 Charity
626 W. Colorado St. Glendale, CA 91204
Tel։ (818) 246-0125, (818) 246-2070, (818) 747-3276, (818) 239-6880
Forourkids99@gmail.com
Direct Deposit: Wells Fargo Bank Acc. #1736835495։