Մեծամօր հնավայրի տարածքին վերսկսած են հայ-լեհական արշաւախումբի պեղումները:
Հնագէտները հետաքրքրական գտածոներ յայտնաբերած են՝ Ք. Ա. 8-6րդ դարերու ապարանջաններ, դանակներ եւ մարդկային կմախքներ:
Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն պետական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը (ՊՈԱԿ) կը տեղեկացնէ, թէ հնավայրի բնակատեղիի ուսումնասիրութիւնը պիտի արձանագրէ հետաքրքրական նոր փաստեր, որոնք թոյլ պիտի տան մասնագիտական աւելի ճշգիրտ եզրակացութիւններու հասնելու՝ Մեծամօրի այդ ժամանակաշրջանի դերին եւ նշանակութեան մասին:
Հայ-լեհական արշաւախումբի համաղեկավարները՝ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան գիտնական- քարտուղար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Փիլիպոսեան եւ Վարշաւիոյ համալսարանի հնագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, դոկտոր, փրոֆեսէօր Քրիսթոֆ Եագուպեակ, ՊՈԱԿի տնօրէն Արա Թարվերդեանին ներկայացուցած են պեղումներու 10օրեայ աշխատանքներուն ընթացքը, խօսած գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն մասին:
Հնագիտական արշաւախումբի համաղեկավարները յոյս յայտնած են, որ այս տարուան պեղումներէն յայտնաբերուած օրգանական նիւթերը եւս լեհական կողմի աջակցութեամբ տարրալուծական հետազօտութեան պիտի ենթարկուին արտերկրի մէջ:
ՊՈԱԿի տնօրէն Արա Թարվերդեան, կարեւորելով հայ-լեհական գիտական ներուժի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, համոզուած է, որ արշաւախումբը նոր եւ արժէքաւոր բացայայտումներ պիտի ընէ, համագործակցութեան նոր եզրեր պիտի նախանշէ այլ յուշարձաններու տարածքներուն մէջ եւս աշխատելու համար:
Ըստ Թարվերդեանի՝ արդիւնաւէտ գործակցութեան մասին կը վկայէ նաեւ միջազգային բարձր վարկանիշ ունեցող եւ Լեհաստանի մէջ տպագրուող «Միջերկրածովեան Լեհ Հնագիտութիւնը» ամէնամեայ ժողովածուի հրատարակութեան մէջ տեղ գտած «Պահպանութեան Ծառայութիւն» ՊՈԱԿի հնագէտներու եւ արշաւախումբի լեհ անդամներու համատեղ պատրաստած գիտական յօդուածը՝ Մեծամօրի պեղումներուն վերաբերեալ: