Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 9 Սեպտեմբերի երեկոյեան, պաշտօնապէս կատարուեցաւ բացումը ՀՄԸՄի մարզահամալիրին եւ «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին՝ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, պետական, ազգային, կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:
ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ հնչած «Յառաջ նահատակ» քայլերգին կշռոյթով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, անկէ ետք նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարօ Թազեան, որ լուսարձակի տակ առաւ համալիրի կառուցման ընթացքը՝ դիտել տալով, թէ դիւրին չէր ատիկա, մանաւանդ որ երկիրը կ՛ապրէր տարբեր վերիվայրումներ: «Այնճարի խենթերն էին, որոնք հաւատալով այս գիւղի ապագային, իրենց վսեմ երազներուն, մէկտեղելով իրենց ուժերը, հաւատքը, կիրքն ու եռանդը, ամէն բանէ վեր դասելով գիւղին արժէքները, հասան իրենց բարձունքին՝ նուիրագործուած վարակիչ համոզումին», հաստատեց ան:
ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արաբերէնով արտասանեց Թինա Ադամեան, որ ուրախութիւն յայտնեց նման կարեւոր առիթի մասնակից դառնալու նպատակով հոն հաւաքուածներուն ներկայութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ սատար կանգնեցաւ այդ ծրագիրի յաջողութեան:
Ապա Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի պարախումբը ներկայացուց պար մը:
ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Աշոտ Թասլաքեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքական, հետեւողական եւ երկարաշունչ աշխատանքի արգասիքը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄի այս մարզահամալիրը, որուն շինութեան նախաձեռնողները հաւատացին միութեան ու անոր ունեցած առաքելութեան՝ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու հայօրէն պահպանման առումով:
ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Աշոտ Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ճիգ չխնայեցին այս վիթխարի գործը իրականութիւն դարձնելու։
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան Այնճարի պատմականը ընդհանրապէս, միութեան հիմնադրութիւնը, անցած ուղին եւ նոր համալիրի ու մարզադաշտի կառուցումն ու լրումին հասնելու փուլերը մասնաւորաբար:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին խօսքը ուղղելով՝ Յարութ Լաքիսեան հաստատեց, որ նման մարզահամալիրով մը Այնճար հայաւանը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ լիիրաւ յաջորդն է Մուսա լերան արի ժողովուրդին, տէր է յարատեւելու եւ նոր իրագործումներով իր ինքնութիւնը պահելու շինարար ու խիզախ կամքին:
Իր խօսքին մէջ ան երախտագիտութեան եւ գոհունակութեան արտայայտութիւն ունեցաւ հասցէին բոլոր ա-նոնց, որոնք սատար կանգնեցան այս ծրագիրի իրականացման։
Ապա տեսագրութեան մը ընդմէջէն վկայութիւններ տուին Այնճարի պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ ՀՄԸՄականներ՝ շեշտելով կարեւորութիւնը նման համալիրի մը, որ պիտի գոհացնէ նոր սերունդին ակնկալութիւնները, սկաուտական շարքերուն համար յարմար պայմաններ պիտի ստեղծէ, հայկական շունչով օժտուած համախմբման ու հայօրէն դաստիարակութեան վայր պիտի ըլլայ իր պասքեթպոլի գոց դաշտով, մինի ֆութպոլի դաշտով, սկաուտական եւ վարչական սենեակներով, ԱՖՀԻԼի մարզական կեդրոնով, փոքրիկ ճաշարանով:
Յիշուեցաւ, որ համալիրին երկրաչափը Հրաչ Մարգարեանն է: Բոլորն ալ հաստատեցին, որ երկար տարիներու եւ իրերայաջորդ պատասխանատու կազմերու սեւեռակէտն ու ուշադրութեան առարկան եղած է ծրագիրի իրականացումը, սակայն միայն այս տարի կարելի եղած է զայն իր լրումին հասցնել:
Իր սրտի խօսքին մէջ Կայծակ Զէյթլեան հպարտանալու առիթ նկատեց բացման հանդիսութիւնը շքեղ կառոյցին, որուն ի տես կարելի է երեւակայել, թէ որքա՛ն օգտակար պիտի ըլլայ եւ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ անիկա նոր սերունդներուն ու բոլոր այնճարցիներուն համար: Ան ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ իրեն ու իր ընտանիքին առիթ տրուած է նիւթական ներդրում ունենալու այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ եւ մասնակից դառնալու նման նշանակալից նախաձեռնութեան մը իրագործման:
ՀՄԸՄի 100ամեակի սեմին, Կայծակ Զէյթլեան խորհրդանշական նկատեց ՀՄԸՄի նման համալիրի բացումը՝ հաւատք յայտնելով այն մասին, որ անիկա պիտի ծառայէ կազմաւորելու սերունդներ, ո-րոնք պիտի նուիրուին իրենց ազգին ու անոր երազներու իրականացման: Խօսելով այն մասին, որ արդէն այս օրերուն աշխարհով մէկ կը նշուի Մուսա լերան հերոսամարտի 102ամեակը եւ կ՛ոգեկոչուի նահատակներուն յիշատակը, ան ըսաւ, որ հնչող զուռնային եւ թմբուկին ձայնը պէտք է կոչ ըլլայ բոլորին՝ ըլլալու միասնակամ, առիթ պէտք է ըլլայ վերանորոգելու մեր ուխտը՝ տէր ըլլալու Այնճարին, որովհետեւ միասնական ջանքերով եւ ուժերով կարելի է ընթանալ դէպի պայծառ ապագայ: Կայծակ Զէյթլեան աւելցուց, որ Մուսա լերան հերոսամարտի յաղթանակը պէտք է միշտ վառ մնայ բոլոր մուսալեռցիներուն միտքերուն մէջ՝ յուշելով, որ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ նորանոր յաղթանակներու կերտման համար միասնաբար պայքարելու, դիմադրելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրի, շարունակելու հերոսներու ուղին եւ կերտելու հայատրոփ միջավայր եւ նուիրուելու պատրաստ սերունդներ:
Ապա ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլին եւ Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան՝ առ ի երախտագիտութիւն անոնց նեցուկին:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եզակի առիթ նկատեց համալիրի բացման հանդիսութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնն ու գնահատանքը յայտնելով բոլոր ներդրում ունեցողներուն: Ան աւելցուց, որ այդ հիանալի իրագործումը իսկապէս վայել է ՀՄԸՄին, պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն այնճարցիներուն, այլ նաեւ համայն հայութեան, որովհետեւ անիկա դրսեւորումն է հայութեան շինարար ոգիին, որ միշտ առկայ կը մնայ, հակառակ դժուար պայմաններուն եւ ամէն տեսակ արգելքներուն:
Աւարտին կատարուեցաւ համալիրի մուտքին զետեղուած ժապաւէնի հատում՝ պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով մարզահամալիրն ու մարզադաշտը:
Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք «Արեւ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղին կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, հնչեցին աւանդական տաւուլ զուռնայի եղանակները:
Այս առիթով նաեւ արտասանուեցան սրտի ու ողջոյնի խօսքեր: Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այնճարի մէջ նման համալիրի բացումը կարեւոր նկատեց։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան օրը պատմական նկատելով ըսաւ, որ այս կառոյցին բացումը հպարտութիւն կը բերէ ո՛չ միայն Այնճարին, այլ նաեւ 26 հազար անդամ հաշուող աշխարհատարած մեծ միութեան՝ ՀՄԸՄին, իբրեւ պանծալի օր դրոշմուելով մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ:
Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան հաստատեց, որ այս համալիրը կը դրուի երիտասարդ վարչութիւններու տրամադրութեան տակ, իսկ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարը ջահ է՝ անոնց տրուելիք, որպէսզի անոնք կարենան դիւրութեամբ շարունակել երթը: