– Սեպտեմբեր 24ին, Գերմանիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին ծագումով 92 թուրքեր, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է։ Նախորդ ընտրութիւններով խորհրդարան հասած էին թրքական արմատներ ունեցող 11 պատգամաւորներ, իսկ այս անգամ կ՛ակնկալուի, որ այդ թիւը առնուազն 15ի բարձրանայ:
– Սեպտեմբեր 7ի գիշերը, Մեքսիքայի հարաւային շրջանները ցնցած 8.1 սաստկութեամբ երկրաշարժը ցարդ առնուազն 32 զոհ խլած է։ Երկրաշարժը վերջին հարիւրամեակին ամենահզօրն է Մեքսիքայի մէջ։