ՆԻԿՈՍԻԱ, «Արձագանգ».- Հինգշաբթի, 24 Օգոստոսին, Կիպրոսի Հայ Դատի յանձմախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Մանուկեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան «Ալիլէնկիի» կուսակցութեան կեդրոնին մէջ, մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան«Ալիլէնկի»ի նախագահ եւ Եւրոխորհրդարանի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարեկամ տոքթ. Էլէնի Թէօխարուսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպայի մէջ ծաւալող Հայ Դատի աշխատանքները եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ զարգացող ներկայ քաղաքական իրավիճակը:
Քննուեցան նաեւ ներկայ հանգրուանին, մարդասիրական ու քաղաքական բնագաւառներէն ներս, Հայաստանին ու Արցախին գործնական կերպով օժանդակելու հնարաւորութիւնները: