ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր ազգային ու համայնքային առօրեային մասին տեղեկագրութիւնը այնքա՛ն ծաւալուն է, որ պարտադրաբար շատ քիչ տեղ կը յատկացնենք տեղական լուրերու եւ ընկերային-հասարակական տագնապներու լուսաբանման: Հպարտութեամբ չենք կատարեր այս խոստովանութիւնը: Ամէնօրեայ հեւքի ու հազար ու մէկ սահմանափակումներով աշխատելու մեր որդեգրած բանաձեւն է, զոր պարզապէս կը կիրարկենք:
Աղիտալի հրդեհ՝ մեր անմիջական հարեւանութեան՝ Պըրպենքի մատոյցներուն մէջ, իսկ քիչ մը աւելի հեռու՝ կործանարար փոթորիկներ: Շատ բնականօրէն, իբրեւ այս երկրի բնակիչներ, իբրեւ մարդասիրական սկզբունքներով տոգորուած հաւաքականութիւն, ի տես այս տագնապներուն՝ չենք կրնար անտարբեր, պարզապէս լուսանցքի վրայ դիտողի դերին մէջ մնալ։
Այս մեկնակէտէն, կ՛ողջունենք եւ կը զօրակցինք Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեան՝ Հիւսթընի փոթորիկի աղէտեալներուն ձեռք երկարելու եւ անոնց ի նպաստ հանգանակութիւն կատարելու:
Նոյն մեկնակէտէն նաեւ կ՛ողջունենք Պըրպենքի եւ Լա Քրեսենթայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Աղբալեան» ու «Սիմոն Զաւարեան» կոմիտէութեանց պատրաստակամութիւնը՝ իրենց կեդրոնները իբրեւ ապաստանարան տրամադրելու, հրդեհին պատճառով տեղահանման վտանգ դիմագրաւող բնակիչներուն:
Այսօրինակ քայլեր պարզապէս կ՛ընդգծեն մեր համերաշխութիւնը կեանքի որակի պահպանման ուղղութեամբ տարուող հասարակական ճիգերուն հետ, որոնք չեն սահմանափակուած բնական աղէտներու դէմ պայքարով, այլեւ ունին ընկերային տարբեր դրսեւորումներ:
Իբրեւ օրինակ կարելի է անդրադառնալ համաամերիկեան ընդգրկում ունեցող, սակայն մեր նահանգին մէջ յատուկ սրութիւն ստացած՝ ոչ-օրինական բնակիչներու երեխաներու, այսպէս կոչուած՝ «երազողներու» ճակատագիրի անորոշութեան հարց: Մենք կտրո՛ւկ դէմ ենք այս երեխաները կամ արդէն իսկ երիտասարդները արտաքսելու վարքագիծին, եւ կը կանգնինք մեր քաղաքային ու նահանգային իշխանութեանց կողքին՝ արտաքսումը կասեցնելու պայքարին մէջ:
Յստա՛կ պէտք է ըլլայ, եւ կ՛արժէ կրկնել, թէ մենք նաեւ կը դատապարտենք ցեղային կամ սեռային խտրականութեան բոլո՛ր դրսեւորումները, կը մերժենք անոնց անուղղակիօրէն սատարող եւ պաշտօնական դիրքեր գրաւող անձնաւորութեանց կեցուածքները կամ անոնց մեղսակից լռութիւնը: