(Անահիտ Թօփչեանի Ծննդեան 70ամեակին Առիթով)
ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Սիրելի ընթերցող,
Այն, ինչը թուղթին պիտի յանձնեմ քանի մը անգամ պատմած եմ տարբեր առիթներով, ընդ որում նաեւ Անահիտի եւ Ալիքի ներկայութեան, Պէյրութի մեր տան մէջ: Կ՛ենթադրեմ, որ Անահիտի ծննդեան 70ամեակը լաւագոյն առիթն է գրի առնելու մեր ծանօթացման այս տարօրինակ պատմութիւնը:
Սաստիկ ձմեռ էր, ձիւն, բուք ու բորան: Սօս Սարգսեանի գլխաւորութեամբ պիտի հաւաքուէինք Ծաղկաձորի Գրողներու միութեան հանգստատունը: Կարգադրուած էր, որ Վարուժան Խտըշեանն ու ես պիտի մեկնէինք Աղասի Այվազեանի ինքնաշարժով: Ան նոր «Ժիկուլի» ստացած էր, իսկ իր քովը նստած Ստեփան Ալաջաջեան կոկորդի նոր վիրահատման ենթարկուած՝ կը խօսէր մարդամեքենայի առոգանութեամբ: Վարուժանն ու ես տեղաւորուած էինք ինքնաշարժի ետեւի նստարանը: Խօսակցութիւնը կը դառնար ձմրան խստութեան եւ ներկաներու թուաքանակին շուրջ: Ընթացքին յանկարծ Այվազեան տուաւ նաեւ Անահիտ եւ Ալիք Թօփչեաններու անունները: Վարուժանը նստած տեղը շտկուեցաւ, դիրք բռնեց, ինծի դարձաւ ու արաբերէնով ըսաւ.
– Դուն լուր ունէիր, որ Անահիտը ներկայ պիտի ըլլայ:
– Ո՛չ լուր չունէի:
– Ուրեմն ինծի նայէ, այս գիշեր «ռեստորան» պիտի երթանք եւ Անահիտը իմ քովս պիտի նստի, հասկցա՞ր:
Ես գիտէի, թէ Վարուժանը իր բեմադրած Նիլ Սայմընի «Հանրային Պարտէզին Մէջ Ոտաբոպիկ» ներկայացման մէջ, գլխաւոր դերը Անահիտին վերապահած էր, սակայն «հարկադրաբար» ուրիշի մը տուաւ… բնաւ չէի գիտեր, որ այլ հաշիւներ ու այդքան մեծ տկարութիւն ունէր Անահիտին հանդէպ: Զգացի որ այդ օր Անահիտին իր քովը նստեցնելը շատ կարեւոր էր իրեն համար: Հակառակ իր յարձակողական ոճին, հանգիստ ձայնով ըսի.
– Վարուժ, կարիք չկայ կռիւ ստեղծելու, մանաւա’նդ որ ես հարց չունիմ: Ո՞վ չ՛ուզեր, որ Անահիտը իր քովը նստի: Սխալ մի հասկնար: Այո, գեգեցիկ կին է, հմայիչ ու տաղանդաւոր, սակայն ոչ մէկ ծրագիր ունիմ քովը նստելու: Ես միայն բեմէն կը ճանչնամ զինք: Ամուսինը ընկերս է, սակայն առիթ չէ եղած, որ ծանօթանամ իր հետ: Ո՞ւր կ՛ուզէ թող նստի: Ես հարց չունիմ:
– Արդէն սկսար, հոս նայիր, իր ներկայութեան դուն քեզ զուսպ եւ կիրթ կը պահես: Աւելորդ պակաս «քոմփլիմենդներ»ու կարիքը չկայ… մազերը կարճ են եղեր, երկար են քեզի չի խառնուիր:
– Չեմ հասկնար, Վարուժ, ամուսինը հետը պիտի ըլլայ ըսի, ես ծանօթ չեմ իրեն, եւ անիմաստ տեղը հետս կը սակարկես…
– Որովհետեւ այնճարցի ես, ամէն տեղ ամէն ինչ կը խօսիս, մազերէն կը սկսիս եւ ո՞ւր կը հասնիս չես գիտեր:
– Լաւ, ի՞նչ կ՛ուզես որ ընեմ, արհամարհե՞մ զինք:
– Տեսա՞ր, մէկ ծայրայեղութենէն միւսը կ՛անցնիս: Դուն քեզ հանգիստ պահէ կը բաւէ:
Անահիտը իմ քովը պիտի նստի այսօր. հասկցա՞ր: Չըլլայ որ խանգարես:
Թէեւ Վարուժանին արտայայտուելու ոճը կոպիտ էր եւ տհաճ, այնուամենայնիւ լռեցի: Լռեցի, որովհետեւ երկու յարգարժան գրողներու ներկայութեան կը խօսէինք իրենց անհասկնալի լեզուով մը եւ պարբերաբար կը կրկնէինք Անահիտի անունը: Պահ մը լռութիւն տիրեց ինքնաշարժէն ներս, որ այնքան ալ հաճելի չէր: Լռութիւնը խզեց Այվազեանը.
– Ի՞նչ է Վարուժան, հաւանո՞ւմ ես Անահիտին:
– Ո՞վ չի հաւնիր «պապամ», դուն չե՞ս հաւնիր: Այս մարդն ալ (ակնարկելով ինծի) երկար մազերուն զարնուած է: Աս ի՞նչ կը հասկնայ գեղեցիկ կինը ի՞նչ է, Անահիտը ո՞վ է: Դերասանական խաղ կայ, թատրոն կայ, արուեստ կայ: Մազերը գեղեցիկ են եղեր, երկար են եղեր, է՞, յետոյ ի՞նչ, վերջացա՞ւ…
Ես խոհեմաբար շարունակեցի լռել, իսկ զրոյցը կանգ առաւ թատրոնի վրայ, ապա անցաւ ֆիլմարուեստին ու շարունակուեցաւ գրականութեամբ: Հասանք: Մեզ առաջնորդեցին առաջին յարկի մէկ սենեակը, ուր որոշ չափով հանգստանալէ եւ կազդուրուելէ ետք, երեկոյեան դուրս ելանք Ճաշարան մեկնելու: Չեմ գիտեր Վարուժանի չար բախտէն թէ իմ լաւ բախտէս նոյն ատեն քովի սենեակէն դուրս ելան Անահիտն ու Ալիքը միասին: Ոտքի վրայ ողջագուրուեցանք: Անահիտը ջերմութեամբ ընդունեց մեզ: Ալիքը զիս Անահիտին ներկայացուց բաւականին բարձր գովասանքներով: Անահիտը անմիջապէս սկսաւ հետաքրքրուելու ինձմով: Վարուժանը զայրացած դարձաւ Ալիքին ու ըսաւ.
– Գո՞րծ ըրիր հիմա: Ի՞նչ կը գովես կոր ասոր, ի՜նչ գրող… ի՜նչ արուեստ, չես տեսներ, որ մուսալեռցի է, ասոնք ականջ կտրողներ են, ուրիշ բանէ չեն հասկնար: Ալիքը նախ փորձեց առարկել, յետոյ կատակի տուաւ. իսկ Անահիտին աւելի հետքրքրեց մուսալեռցիներուն ականջ կտրող ըլլալու հանգամանքը: Եւ երբ կը պատրաստուէինք մեկնելու, յանկարծ Անահիտը նշմարեց, որ վերնաշապիկիս մէկ կոճակը փրթած է, ի հեճուկս Վարուժանին, ձեռքս բռնեց ու ներս հրաւիրեց ամրացնելու: Սենեակը տաք էր, չես գիտեր ուրկէ ասեղ եւ դերձան գտաւ, վերնաշապիկս հանել տուաւ ու սկսաւ կոճակը կարելու: Դուրսը Ալիքն ու Վարուժանը կը զրուցէին, սակայն Վարուժանի ձայնը անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տար: Ի վերջոյ ան գոռաց.
– ի՞նչ կ՛ընէք ներսը, ժողովուրդը սոված է մեզի կը սպասէ:
Ես ձայն չհանեցի: Անահիտը պատասխանեց.
– Քիչ մը սպասեցէք, կոճակ կարելը այդքան ալ դիւրին չէ:
Կոճակ կարելու արարողութիւնը բաւական երկար տեւեց: Ալիքը ամէն ինչ բնական ընդունելով, հանգիստ կը սպասէր: Սակայն Վարուժանը տագնապի նշաններ ցոյց կու տար երբեմն բարձրաձայն կը հազար կամ ուշացած ըլլալու յիշեցումներ կը կատարէր: Ի վերջոյ, դուռը հրեց ու ներս մտաւ: Զիս առանց վերնաշապիկի տեսնելով «օ՜հօ՜» գոռալով այնպէս մը նայեցաւ ինծի, կարծես թէ մեծ յանցանք մը գործած էի: Դուրս ելանք: Անահիտը, Ալիքին թեւը մտած՝ Գրողներու հանգստատան զառիվարէն (այն ատեն դեռեւս զառիվարի աստիճանները չէին շինուած) սառած ձիւնին վրայէն սղելով արագ հեռացան մեզմէ: Վարուժանը սկսաւ.
– Անահիտին ըսի՞ր թէ դուն երկար մազեր կը սիրես:
– Ոչ, չըսի:
– Հապա ի՞նչ խօսեցաք:
– Պարապ բաներ:
– Պարապ բանե՞ր, այո,՜ պարապ բաներ: Նայի’ր, դուն տղամարդու խօսք տուիր, որ խելօք պիտի մնաս: Վարը յանկարծ համը չհանես: Նկատի առ որ Անահիտը հաստատ քովս պիտի նստի… Սօսն ալ լուր ունի: Յստա՞կ է ամէն ինչ:
Հակառակ անոր որ «յստակ է» ըսի ու խօսք տուի, Վարուժանը ճանապարհին նոյն բաները կրկնեց անընդհատ: Ներս մտանք ճաշարան: Բոլորը հոն էին բացի Խորէն Պալեանէն, որ գրեթէ մեր հետ հասաւ եւ ծանուցեց, թէ Լուսինէն (Զաքարեան) ներկայ պիտի չըլլայ յոգնածութեան հետեւանքով: Բոլորը դժգոհ մնացին, իսկ Վարուժանը յայտարարեց, թէ դժբախտաբար երկուքի փոխարէն միայն մէկ կին պիտի ունենանք սեղանին վրայ եւ ան ալ իր քովը պէտք է որ նստի: Եւ քանի որ միակ բեմադրիչն է, ինք պիտի որոշէ, թէ ո՞վ ո՞ւր պիտի նստի:
Ներկաները համակերպութեան նշաններ ցոյց տուին, իսկ Վարուժանը անցաւ գործի: Սեղանը բաւական երկար էր: Նախ Ալիքին սեղանին գլուխը նստեցուց առանձին, ինք գրաւեց աջ կողմի կեդրոնի աթոռը, ճի’շդ դիմացը նստեցուց Սօս Սարգսեանը, անոր ձախ կողմը՝ զիս, իսկ միւսները՝ Զօրի Բալայեանը, Ալպեր Մկրտչեանը, Խորէն Պալեանը, Ստեփան Ալաջաջեանը, Աղասի Այվազեանը եւ միւսներոը ցրուեց ըստ պատահականութեան, ա-զատ ձգելով իր երկու կողմը, այսիքն Լուսինէի եւ Անահիտի աթոռները: Սօսը նշմարելէ ետք որ Վարուժանի երկու կողմերը ազատ են, ելաւ եւ գնաց նստաւ Վարուժանի աջ կողմը, յայտարարելով, որ կ՛ուզէ իր «արիւնակից» եղբօր (անոնք օր մը իրենց ձեռքի երակները վիրաւորեցին ու արիւնները իրար խառնեցին) քովը նստիլ: Այսպիսով ազատ մնացին վարուժանի ձախ կողմն ու իմ աջ կողմը: Վարուժանը զգալով վտանգը՝ անմիջապէս ըսաւ.
– Անահիտն ալ կը նստի իմ քովը:
Անահիտը, որ մինչ այդ անշարժ մնացած էր ոտքի, մէկ Վարուժին նայեցաւ մէկ ինծի, ապա ըսաւ.
– Ո՛չ, ես Մովսէսին քով կը նստիմ:
Իմ համբերատար ընթերցող, կացութիւնս բաւական բարդ էր՝ եւ ճակատագրական:
Վարուժանին նայուածքը սպառնալից, յանդիմանական ու աղաչական էր միաժամանակ: Խնդիրը լուրջ էր: Պէտք է փրկէի կացութիւնը: Խօսքիս տէրը ըլլալու համար ոտքի ելայ եւ ըսի.
– Անահիտ ջան, ներող կը լինես, իմ քովը նստիլը այնքան ալ դիւրին չէ, ես մուսալեռցի եմ: Դուն երկար, ուղխինահոս վարսեր ունես, որ գլխիդ վրայ հաւաքել ես հացթուխի նման: Եթէ իմ քով պիտի գաս, ապա պէտք է որ քակես մազերդ եւ ուսերուդ վրայ փռես ջրվէժի պէս…:
Անահիտը նախ նշանակալից նայեցաւ ինծի, ապա խուզարկու հայեացք մը պտըտցնելէ ետք ներկաներուն վրայ, ետ դարձաւ ու գնաց: Զարմացած ու շուարած էին բոլորը: Շուարած էի նաեւ ես, որովհետեւ չէի գիտեր ճի՞շդ ըրի թէ սխալ: Վարուժանը կարծես թէ գոհ էր ինձմէ:
Դառնալով ինծի իբրեւ թէ ցած ձայնով (թէեւ բոլորն ալ լսեցին) ըսաւ.
– Եղա՞ւ հիմա, Անահիտին պէս, «լէյտի»ի մը հետ այդպէ՞ս կը վարուին:
Այս անգամ ես խիստ յանդիմանական նայուածք մը նետեցի վրան ու ինք հասկցաւ պէտք եղածը ու լռեց: Լռեցինք բոլորս: Անահիտը ուշացաւ: Ոմանք առաջարկեցին ետեւէն երթալ սակայն Ալիքը հանգստացուց եւ ըսաւ.
– Կարիք չկայ հիմա կու գայ:
Երբ արդէն ներկաները սկսած էին համակերպելու Անահիտի բացակայութեան, յանկարծ ան հեռուէն երեւցաւ: Քալուածքը թատերական էր ու սիգաճեմ: Ուղխինահոս ծամերը փռած էր մերկ ուսերուն վրայ ու ինքնավստահ կը յառաջանար դէպի սեղանը: Հիացական բացագանչութիւններու եւ ծափողջոյններու տարափին տակ եկաւ կեցաւ դիմացս ու «պալէ» պարուհիի նման աջ ոտքի մատներուն վրայ 360 աստիճան «ֆռռաց»: Երկար վարսերը ծփացին միջոցին մէջ, բազմապատկելով անոր կանացի հմայքը ու գրաւչութիւնը: Ապա կանգ առաւ ու նայուածքը խրելով աչքերուս մէջ կարծես ըսել կ՛ուզէր. «Հը՞, հիմա՞ ինչ կ՛ըսես»: Ես պարտուած էի անոր շգեղ գեղեցկութեան դիմաց: Ոտքի ելայ: Նախ նայուածք մը նետեցի սեղանի երկայնքն ի վեր, հասկցնելու համար որ «պահանջս» տեղին էր եւ ապա չափազանց յարգալից կողքիս աթոռը առաջարկեցի անոր: Չէի համարձակեր Վարուժանին կողմը նայիլ: Գիտէի որ վտանգը մեծ է եւ յղի անակնկալներով: Անահիտը հազիւ նստած հին մտերիմի մը նման ականջիս փսփսաց.
– Կարմի՞ր գինի կը սիրես թէ ճերմակ:
– Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը:
Տեսնելով մեր «մտերմութիւն»ը, Վարուժանը կատղած ոտքի ելաւ: Սօսը զգալով պահի լարուածութիւնն ու կացութեան փխրուն վիճակը, ինք եւս ոտքի ելաւ, ձեռքը դրաւ Վարուժանի ուսերուն եւ իբրեւ վաւերական թամատա առաջարկեց խմել Անահիտի (առանց մոռնալու Լուսինէին) կենացը: Անոր «մազերը քակելու» վարուելակերպը համարեց նուէր մը մեզ բոլորիս, յատկապէս Վարուժանին որ գիտէ գնահատել հմայիչ կիներու գեղեցկութիւնն ու տաղանդը ու ճի՛շդ կողմնորոշուիլ դերասանուհի ընտրելու պարագային:
Իմ արդարամիտ ընթերցող,
Վարուժանի եւ իմ ակամայ քաշքշուքներուն մէջ՝ երկուքս ալ պարտուեցանք: Յաղթողը՝ Անահիտն էր իր գեղցկութեամբ ու կանացիութեամբ հանդերձ:
Այսպէս էր Անահիտը, կեանքին մէջ կը «խաղար», իսկ բեմին վրայ «կ՛ապրէր»:
Յուլիս, 2017
Մոնթրէալ
Happy Birthday to Anahid Topdjian