«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՁԱՅՆ»Ի ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑԸ ՀԻՒՍԹԸՆԻ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ծ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱՐԵԳ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ
«Հարվի» ծովամրրիկը Թեքսաս նահանգին ահռելի մեծ վնասներ հասցուցած է:
Հիւսթըն քաղաքը սուզուած է շուրջ 1 մեթր ջուրի տակ: Հիւսթընի մէջ իրավիճակի եւ այնտեղ բնակող շուրջ 3000 հայերու կացութեան մասին «Ամերիկայի Ձայն»ի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին պատմեց Հիւսթընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արեգ Սահակեան.
«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՁԱՅՆ».- Կրնա՞ք ըսել, թէ այժմ ո՞ւր էք եւ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի Հիւսթըն քաղաքը:
ԱՐԵԳ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Հիմա Հիւսթընի վիճակը շատ վատ է, ժողովուրդին մեծ մասը անօթեւան մնացած է աղէտին պատճառով: Մեր տունը ամբողջովին ջուրի մէջ է, տեղափոխուած ենք մեր ընկերոջ տունը՝ արդէն երկու օրէ ի վեր: Կարծես բանտարկեալներ ըլլանք:
«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՁԱՅՆ».- Տեղական մարմինները ի՞նչ տեղեկութիւն տրամադրած են ձեզի: Եր՞բ պիտի կարենաք վերադառնալ տուն:
ԱՐԵԳ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Մեր ստացած վերջին տեղեկութիւնը այն է, որ եթէ մէկ օրէն անձրեւը դադրի, պէտք է սպասենք եւս երկու օր, մինչեւ որ ջուրը նուազի: Սակայն տարածքներ կան, ուր ջուրը շատ բարձր է եւ ցամքելու համար օրեր կը պահանջուին:
«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՁԱՅՆ».- Իսկ եկեղեցին ներգրաւուա՞ծ է մարդոց օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքներուն մէջ:
ԱՐԵԳ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Եկեղեցին միշտ պատրաստ է օգնելու հայ համայնքին եւ թիկունք կանգնելու անոր: Այժմ մեր Ծխական խորհուրդի անդամներուն մեծ մասին վիճակը անելանելի է: Վստահ չենք, թէ ինչպէս պիտի օգնենք մեր ժողովուրդին, սակայն գիտեմ, որ եկեղեցւոյ հովիւը՝ տէր Մարտիրոս Յակոբեան կ՛աշխատի հայ համայնքի անդամներուն հետ հեռաձայնով կապ պահպանելով: Կը փորձենք օգնել այնքան, որքան կը կարենանք, սակայն այս իրավիճակին մէջ շատ դժուար է այդ մէկը իրականացնելը:
«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՁԱՅՆ».- Տեղական իշխանութիւնները պատշաճ օգնութիւն կը ցուցաբերե՞ն մարդոց:
ԱՐԵԳ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Անոնք նաւերով կ՛օգնեն ժողովուրդին: Շատեր փակուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ եւ ջուրի պատճառով չեն կրնար դուրս ելլել: Այդ առումով իշխանութիւնները օգնութիւն կը տրամադրեն եւ զանոնք դուրս կը բերեն նոյնիսկ ուղղաթիռներով։
Նշենք, որ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կապ հաստատեց ՀՅԴ Թեքսասի «Սերոբ Աղբիւր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրոյր Ֆրենկեանի հետ, որ ներկայացուց շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը եւ հաստատեց վերոնշեալ տեղեկութիւնները։