ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Սկաուտական կեանքի ամենահաճելի աշխատանքներէն են բանակումները, որոնք գեղեցիկ առիթ կը հանդիսանան բնութեան հրաշալիքներուն մէջ համախմբելու մասնաճիւղի մը սկաուտական խումբերը:
Բնական է, գոյութիւն ունին զանազան տեսակի բանակումներ. դաստիարակչական, գործնական, սկաուտական կարգերու, մասնաճիւղային, շրջանային եւ այլն: Սակայն այս բոլորին մէջ խիստ հետաքրքրական են տարեկան ընդհանուր բանակումները, որոնք կը կազմակերպուին ամրան եղանակին, մասնաճիւղի մը սկաուտական բաժանմունքին համար, մէկտեղելով անոր փոքրիկ կակուղ թաթիկէն մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետը: ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը եզակի այն մասնաճիւղերէն է, որ իր գայլիկ-արծուիկները մասնակից կը դարձնէ տարեկան իր ընդհանուր բանակումին, իսկ կակուղ թաթիկները՝ վերջին երեք օրերուն միայն:
Այս տարի, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր բանակումը տեղի ունեցաւ 16-23 Յուլիս 2017ին, Վըրտուկօ Օքս բանակավայրին մէջ: Բանակումի ընդհանուր պատասխանատուն էր մասնաճիւղի խմբապետ Շահան Աթմաճեան, իսկ փոխպատասխանատուները՝ միաւորի խմբապետուհիներ Մարալ Հինտոյեան, Թամար Ղարիպեան եւ Արին Ղարիպեան:
Ազգային պատկանելիութենէ մղուած, այս տարի բանակումը նուիրուած էր մեր սիրելի Արցախին, որ շեշտուած էր նաեւ դրօշակի արարողութեան վայրն մէջ գեղեցկօրէն պատրաստուած Արցախի Մամիկ-Պապիկով: Այս իմաստով, բանակումի ամէնօրեայ յայտագիրներուն մէջ յատուկ տեղ տրամադրուած էր Արցախին, բանակողներուն հրամցնելով անոր պատմականը, աշխարհագրական դիրքն ու կարեւորութիւնը, Արցախ-Ատրպէյճան մարտեր, Արցախի Մամիկ-Պապիկ յուշարձանի խորհուրդը, 1994ի հրադադարը, Շուշիի գրաւումը, Արցախի մշակոյթն ու աւանդութիւնները, Արցախի անկախացումը եւ այլն…
Ուրախալի էր, որ Չորեքշաբթի, 19 Յուլիսին, բանակումի խմբապետական կազմը հրաւիրած էր զիս դասախօսելու Արցախի նուիրուած նիւթ մը, որուն բնական էր ընդառաջեցի եւ ամբողջ յետմիջօրէ մը անցուցի բանակավայրէն ներս, վերապրելով սկաուտական գեղեցիկ այն օրերը, զորս երկար տարիներ վայելած եմ: Այս այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ զրուցելու բանակումի ընդհանուր խմբապետին՝ Շահան Աթմաճեանի հետ եւ մանրամասնութիւններ քաղելու բանակումի ընդհանուր աշխատանքներուն մասին:
Սկսելով բանակումի նպատակէն, Աթմաճեան հպարտութեամբ շեշտեց, թէ «Մասնաճիւղի տարեկան այս բանակումը նպատակ ունի ազգային, կրօնական եւ սկաուտական գիտելիքներու ուսուցման առընթեր, հաւաքական աշխատանքի եւ համագործակցութեան ոգին ներշնչել բանակողներուն, մտերմութեան սերտ կապեր ստեղծելով անոնց միջեւ: Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս բանակումի ընթացքին շեշտուեցաւ հայերէն խօսելու կարեւորութիւնը եւ սկաուտական կեանքի օրէնքները:
Իսկ ներկայացնելով բանակավայրի առօրեայ աշխատանքերը, խմբապետը յայտնեց հետեւեալը. «Բանակումի ամէնօրեայ յայտագիրները սկիզբ կ՛առնեն մարզանքով, որուն կը յաջորդեն վրաններու մաքրութիւնը եւ քննութիւնը, դրօշակի արարողութիւնն ու համադամ նախաճաշը: Այնուհետեւ սկաուտական եռուն կեանքը կը սկսի բանակավայրի ամբողջ տարածքին: Ամէն անկիւն աշխատանք մը կը կազմակերպուի բանակողներու զանազան խմբակներուն համար: Խմբակ մը կ՛ունկնդրէ ազգային կամ սկաուտական դասախօսութիւն մը, ուրիշ մը՝ ձեռային աշխատանքով կը զբաղի, հեռաւոր անկիւն մը մարզախաղեր տեղի կ՛ունենան, այլ խմբակներ սկաուտական իրենց գիտելիքներու «պէճ»երու գործնական աշխատանքները կը կատարեն, երգ ու կանչի ձայներ կը լսուին այլ անկիւնէ մը»:
Յետմիջօրէի լողալու պահը, զուարճալի խմբային խաղերը, երեկոյեան ընթրիքն ու անոնց յաջորդող խարուկահանդէսները, առաւել կ՛ոգեւորեն բանակողները: Յատկապէս վերջինի ընթացքին իւրաքանչիւր արի կամ արենոյշ իր թաքուն ձիռքերը բացայայտելու գեղեցիկ առիթը կ՛ունենայ:
Մէկ խօսքով, պէտք է ըսել, թէ բնութեան այդ գեղեցիկ անկիւնը արդէն իսկ վերածուած էր ՀՄԸՄական ազգայնաշունչ միջավայրի մը, որմով կարելի է միայն հպարտանալ:
Այս բոլորէն անկախ, բանակումը ունէր իր օրաթերթը, որ ամէն օր նկարազարդ լոյս կը տեսնէր Յակոբ Սարգիսի եւ Քրիսթինա Տէրատուրեանի խմբագրութեամբ: Իսկ օրուան կարեւոր լուրերն ու յայտարարութիւնները կը փոխանցուէին բանակումի ձայնասփիւռէն, հաղորդավարութեամբ Նարեկ Կուշէրեանի, Հայկ Պէրպէրեանի եւ Քարին Այնթապլեանի: Այս նոյն խմբակը նաեւ, բանակումին ընթացքին իր նկատած գեղեցիկ ու հետաքրքրական դրուագները զուարճալի տեսաժապաւէնի վերածելով, բանակողներուն սեփականութիւնը կը դարձնէր, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով անոնց մէջ: Բուժարանի դժուար պատասխանատուութիւնը ստանձնած էին Նանար Ասատուրեան եւ Սերոբ Ճէճէեան:
Գնահատելի ներկայութիւն էր մասնաճիւղի Սկաուտական օժանդակ խմբակը, որուն անդամները հերթաբար կ՛այցելէին բանակավայր՝ խոհանոցի անհրաժեշտ աշխատանքները կատարելու: Իսկ Արա Պապայեան եւ Վարդգէս Փանոսեան, մասնաճիւղի ատենապետ Օննիկ Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ, բանակումի ամբողջ տեւողութեան մնացին բանակողներու կողքին եւ անոնց ճաշը մատակարարեցին: Նոյն ժամանակ, մասնաճիւղի երկար տարիներու լուսանկարիչ Վարդգէս Փանոսեան իր գեղեցիկ նկարներով կը հարստացնէր մասնաճիւղի կայքը:
Աւելի ուշ իմացանք, թէ Շաբաթ, 22 Յուլիսը բանակավայրի այցելութեան օրն էր: Նոյն օրը բանակողներու ծնողներն ու հարազատները այցելած են բանակավայր եւ իրենց զաւակներուն առաջնորդութեամբ ծանօթացած են բանակավայրի բոլոր անկիւն-ներուն, ապա ընկերացած են անոնց կէսօրուան ճաշին: Այնուհետեւ անոնք բանակումի խմբապետական կազմի նախաձեռնած ծնողք ընդդէմ բանակող հետաքրքրական մարզական եւ այլ մրցումներու մասնակցելով, իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցած է բանակումի եզրափակիչ դրօշակի արարողութիւնը: Բանակողներուն յանձնուած են զանազան սկաուտական մրցանակներ. յաջորդած է բանակումի վերջին խարուկահանդէսը: Իւրաքանչիւր բանակող իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած է այնքան զուարճալի յայտագիրին: Հրամցուած են բանակումի կեանքէն առնուած դրուագներ, խմբերգներ, պարեր, մեներգ-արտասանութիւններ եւ գեղեցիկ խաղեր:
Ուշ երեկոյեան գայլիկները, արծուիկներն ու կակուղ թաթիկները իրենց ծնողներուն հետ վերադարձած են տուն: Արի-արենուշները մնացած են բանակավայր, յաջորդ օրը քանդելու համար իրենց մէկ շաբթուան հարազատ տունը նկատուող գեղեցիկ անկիւնը:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարեկան բանակումը պաշտօնապէս վերջ գտած է Կիրակի, 23 Յուլիս 2017ի առաւօտեան դրօշակի արարողութեամբ: Դժուար է նման ուրախալի կեանքէն բաժանումը, իսկ աւելի ցաւալին բանակավայրի քանդումն է:
Բանակողները «Ցտեսութեան երգ»ով մեկնած են տուն, իրենց սկաուտական աշխատանքը շարունակելու Հոլիվուտի հայ կեդրոնին մէջ:
«Ով բանակում, դու ես մեր Իտէալը…»։