ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 29ին, իր գրասենեակին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արտակ Զաքարեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ էր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտէն ներս հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: