ՊԷՅՐՈՒԹ.- Տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանքներու վերակազմակերպման ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն տեղեկատուական մարզի եւ հանրային կապերու տնօրէն նշանակեց Վիգէն Աւագեանը, որ պիտի ստանձնէ «Վանայ Ձայն»ի յայտագիրներու եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժինի, ինչպէս նաեւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու համապատասխան էջերուն պատասխանատուութիւնը:
Վիգէն Աւագեան ունի մամլոյ տեղեկատուական աշխատանքներու լայն փորձառութիւն: 1985-1986 ան մաս կազմած է «Վանայ Ձայն»ի առաջին անձնակազմին: Ապա, կրթական երկարամեայ իր ծառայութիւններուն կողքին, ան ունեցած է մամլոյ բեղուն գործունէութիւն: 1990-1994, ան մաս կազմած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ վարելով հայկական եւ հայաստանեան լուրերու խմբագիրի պաշտօնը: Ապա, երկար տարիներ, ան ստանձնած է «Ազդակ»ի բացառիկներու եւ յատուկ հրատարակութիւններու խմբագրութիւնը: 1995էն սկսեալ ան վարած է ՀՄԸՄի «Մարզիկ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը: Միաժամանակ, ան խմբագրած է գիրքեր եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր:
Վիգէն Աւագեան 2012էն ի վեր անդամ է Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքային:
Աւագեան արդէն իսկ ստանձնած է իր պաշտօնը: