ԵՐԵՒԱՆ.- «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան պատուիրակութիւն մը՝ Մաճետ էլ Շաֆիի գլխաւորութեամբ, այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին:
Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան ղեկավարին եւ անոր մէջ ընդգրկուած գանատացի խորհրդարանականներուն Արցախ այցելելու որոշման համար՝ նշելով, որ անոնք կրնան տեղւոյն վրայ անաչառ տեղեկատուութիւն ստանալ թէ՛ Արցախի, թէ՛ ԼՂ հակամարտութեան մասին: Բաբլոյեան մեծապէս գնահատեց Գանատայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հանգամանքը:
Մաճետ էլ Շաֆի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ ներկայացնելով պատուիրակութեան անդամներուն եւ այցելութեան նպատակը: «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը նշեց, որ անցեալ տարի ականատես ըլլալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ կիրառուած ռազմական գործողութիւններուն, եւ պատերազմական յանցագործութիւններուն, կազմեց փաստահաւաք խումբ, որ տեղեկութիւններ հաւաքէ եւ ներկայացնէ հանրութեան:
Նշենք, որ «Մէկ ազատ աշխարհ»ի պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպեցաւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդիրին եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերող հարցեր: