ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստանի ժողովրդագրութեան եւ առողջապահութեան հարցերու հետազօտութիւն. 2015-16 թուականներ» զեկոյցին համաձայն՝ 2015-16 թուականներուն յղութեան 69 տոկոսը աւարտած է կենդանի ծնունդով, 29 տոկոսը՝ յղութեան արհեստական ընդհատումով, իսկ 9 տոկոսը վիժումով կամ մեռելածնութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Օգոստոս 23ին, զեկոյցի հրապարակման ընթացքին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Կարինէ Սարիբէկեան նշած է, որ նախորդ տարիներուն հետ համեմատած՝ անիկա էականօրէն նուազած է: «Համեմատութեան համար նշեմ, որ Հայաստանի ժողովրդագրութեան եւ առողջապահութեան հարցերու 2000 թուականի հետազօտութեան համաձայն՝ յղութեան արհեստական ընդհատումները կազմած են 55 տոկոս, 2005ին՝ 45 տոկոս, իսկ 2010ին՝ 29 տոկոս», ըսած է Սարիբէկեան:
Զեկոյցին համաձայն՝ յղութեան ելքերը կը փոխուին ըստ մարզերու՝ Սիւնիքի մէջ յղութեան 4 տոկոսը աւարտած է անոր արհեստական ընդհատումով, իսկ Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ 57 տոկոսը:
Ըստ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետին՝ հետազօտութեան նախորդող 3 տարիներուն ընթացքին կատարուած յղութեան արհեստական ընդհատումներուն երկու երրորդը կապուած եղած է այն փաստով, որ կինը այլեւս չէ փափաքած երեխաներ ունենալ, իսկ 8 տոկոսը կապուած է պտուղի արատներ ունենալու վտանգով, 8 տոկոսի պարագային, իբրեւ պատճառ նշուած է սեռի ընտրութիւնը, իսկ 7 տոկոսի պարագային՝ մօր առողջութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները: