ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ, մեր գաղափարները այնքան ալ չկիսող ընթերցող մը զայրացած հեռաձայնեց ու թերթը անմիջապէս դադրեցնել հրամայեց: Ճանչնալով անձը, անոր հայրենասիրական զգացումներու վաւերականութիւնը՝ չուզեցի պատասխանել, բայց եւ չկանգնեցուցի թերթը: Անցեալ Ուրբաթ օր, նոյն անձը կապուեցաւ խմբագրատուն, գնահատական խօսքեր ըսաւ մեր աշխատանքին մասին եւ կարդացած ըլլալով, որ մեր համակարգիչները հնացած են ու դանդաղած՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց նշանակալի գումար մը նուիրելով զանոնք նորերով փոխարինելու: Ցանկը պատրաստէ եւ ղրկէ՛ ինծի՝ ըսաւ: Կրնաք երեւակայել, թէ ինչպիսի՛ զգացական վիճակի մէջ ցանկ պատրաստելու լծուեցանք:
Յաջորդ օրը, նոյն անձէն ստացայ նամակ մը, թէ նեղուած ըլլալով «Հրապարակ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածէ մը, ուր անդրադարձ կար մեր աշխատակից Րաֆֆի Տուտագլեանի գրութիւններուն ու զանոնք վերջերս «Ասպարէզ»ի մէջ չտեսնուելուն՝ որոշած է չկատարել իր խոստումը:
Երկուշաբթի առաւօտ, թղտատարով ստացուած ծրարով մը հասաւ Յովհաննէս եւ Դշխոյ Ամօղլեաններու երկտողը (50 տոլարի նուէրով), ուր «բարգաւաճ ու յաջող ընթացք ու վերելք» կը մաղթէին «Ասպարէզ»ին: Յուսախաբութիւնը շատ արագ վերածուեցաւ ոգեւորութեան: Կը դիմանանք ու կը քալենք առաջ:
«Ասպարէզ»ի կենացին կը նուիրեն՝
Կարպիս եւ Լորիկ Թիթիզեան (Levon Travel)՝ 1000 տոլար
Տոքթ. Րաֆֆի եւ Վիքի Յովհաննէսեան (Նիւ Ճըրզի)՝ 250 տոլար
Տոքթ. Յովհաննէս Մելիտոնեան՝ 150 տոլար
Վահան եւ Նորա Պզտիկեան՝ 150 տոլար
109 տոլար կը նուիրեն՝
Արա եւ Արփի Խանճեան
Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեան
Այտա Պապայեան-Ալ Ռայէս
Բենօ եւ Թամար Խտրլարեան
Յովսէփ Տիրացուեան
ՀՕՄի «Արազ» Մասնաճիւղ
Յովհաննէս եւ Դշխոյ Ամօղլեան՝ 50 տոլար
Կը սպասենք ձեր արձագանգին: