ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Տիգրանակերտ նահանգի Հազրօ գիւղի 76ամեայ քիւրտ կին մը՝ Սանիյէ Էթքին անունով, պարբերաբար ճնշումներու կ՛ենթարկուի թուրք ոստիկաններու կողմէ: Ըստ «Ակօս» թերթին՝ ճնշումներուն հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ ոստիկանները կը կասկածին, թէ քիւրտ կինը իր ինքնութիւնը ծածկող հայուհի մըն է:
Էթքինի թոռնուհին հայկական թերթին պատմած է, թէ երիտասարդութեան օրերուն քիւրտերու իրաւանց պաշտպանութեան համար պայքարած իր մեծ մօր վրայ կիրառուող ճնշումները սկսած են աւելի յաճախակի բնոյթ ստանալու, երբ իրենց տունը եկած թուրք ոստիկանները Աստուածաշունչ տեսած են հոն:
«Մեծ մայրս Քուրան կարդացող հաւատացեալ իսլամ մըն է, բայց Աստուածաշունչ եւս կը կարդայ: Տան գրադարանին մէջ Աստուածաշունչ ալ կայ: Ոստիկանները նկատեցին այդ Աստուածաշունչը եւ անկէ ետք սկսան յաճախ զինք նեղ կացութեան մատնելու՝ հարցնելով. «Դուն հա՞յ ես: Եթէ հայ ես, պէտք չունիս պահելու, մեզի կրնաս ըսել»: Ապա, ոստիկանները գիւղին մէջ սկսան լուրեր տարածելու այն մասին, թէ մեծ մայրս հայ է եւ կը թաքցնէ իր ինքնութիւնը», ըսած է Էթքինի թոռնուհին:
Ան աւելցուցած է, թէ իրենց տունը այցելած են նաեւ հայերէն խօսող քաղաքացիական հագուստով ոստիկաններ ու փորձած են հայերէնով հաղորդակցիլ տարեց կնոջ հետ:
Նշենք, որ Հազրօ գիւղը ծանօթ է իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան աջակցող գիւղերէն մէկը. թրքական ուժերը այս ու յարակից գիւղերուն մէջ յաճախ արտակարգ դրութիւն կը հաստատեն՝ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելով քիւրտ զինեալներու դէմ: