ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Ատրպէյճանի օդային ուժերը, Օգոստոս 23ին, ռուսական «Սու 25» տիպի ռազմական օդանաւերով մարզումներ կատարելու համար թռիչքներ իրականացուցած են Նախիջեւանի մէջ. այս մասին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Նախարարութեան հրապարակումին կից տեսագրութեան մը մէջ կ՛երեւին առնուազն 2 օդանաւեր, որոնք արդիականացուած են եւ կրնան ընդհանուր առմամբ՝ 32 տեսակի սպառազինութիւն կրել, ներառեալ՝ օդ-ցամաք չկառավարուող եւ օդ-օդ կառավարուող հրթիռներ:
Ատրպէյճան վերջերս աշխոյժ զօրավարժութիւններ կը կատարէ Նախիջեւանի մէջ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով է որ կը նկատուի ռազմական օդանաւերու մասնակցութիւն։
Անցած Ապրիլին, Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած էին «զօրքերու մարտունակութեան ստուգման» ռազմափորձերը, որոնց մասնակցած էին Նախիջեւանի առանձին համազօրային բանակի, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան ու զօրակոչի պետական ծառայութեան անձնակազմերը:
Ապա՝ Յունիսին, Նախիջեւանի մէջ կայացած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու միացեալ զօրավարժութիւնը, մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 5000 զինուորներու եւ 250է աւելի զինուորական մեքենաներու, ներառեալ՝ «Մի 8» եւ «Մի 24» ուղղաթիռներ, որոնցմէ չորսական միաւոր կը պահուի Նախիջեւանի մէջ: