ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին քանի մը խօսք առնողներու բերանէն հնչեց այսպիսի վճռական յայտարարութիւն. «Ոտք չե՛նք կոխեր «Ամերիքանա», մինչեւ որ այդ հաստատութեան տնօրէնութիւնը չփոխէ իր ուրացման վարքագիծը եւ արտօնէ «Ուրացման Ճարտարապետները» շարժապատկերը ծանուցող պաստառները տեղադրել իր հրապարակին վրայ»:
Որեւէ ժամանակ այցելեցէք «Ամերիքանա» եւ պիտի նկատէք բազմաթիւ հայերու ներկայութիւնը այնտեղ: Ժամանցի եւ առեւտուրի այս կեդրոնը, որուն ստեղծման մէջ Կլենտէյլի հայութիւնը ունեցած է իր կարեւոր ներդրումը, իր կենսունակութիւնը կը պարտի նոյն ա՛յդ հայերուն, որոնք կեանք եւ աշխուժութիւն կը պարգեւեն ամբողջ համալիրին:
Իսկ «Ամերիքանա»ն, որուն սեփականատէրերն ու տնօրինութիւնը, զուտ մարդկային նկատառումներով փոխանակ զգայնութի՛ւն ցոյց տալու մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի զոհերու ժառանգորդներուն հանդէպ, անհասկնալի ու անհեթեթ որոշում մը առին՝ վիրաւորելու իրենց հազարաւոր յաճախորդներն ու այցելուները:
Այս բացարձակ անարգանքը մեր համայնքին ու մեր պատմութեան հանդէպ չենք կրնար անհետեւանք ձգել: Այս պարագային, համոզուած ենք, որ հայկական համայնքին, կլենտէյլահայութեա՛ն հակազդեցութիւնը՝ իրեն ու իր ամբողջ ազգին ուղղուած անարգանքին, պիտի ըլլայ բո՛ւռն ու հզօր:
Քաղաքական ու քարոզչական հակազդեցութեանց առընթեր, մենք մեր հաւաքական կեցուածքը պիտի արտայայտենք՝ «պոյքո»չելով «Ամերիքանա»ն, ոտք չկոխելով այդ հաստատութենէն ներս, մինչեւ որ անոր տնօրէնութիւնը փոխէ իր կեցուածքը: Համոզուած ենք, որ «Ամերիքանա»ի մէջ առեւտրական եւ ժամանցի վայրեր աշխատցնող գործարարները շուտով կը միանան մեզի եւ իրենց ճնշումներով կը պարտադրեն, որ տնօրէնութիւնը թոյլատրէ՛ «Ուրացման Ճարտարապետները» շարժապատկերի պաստառին տեղադրումը:
Մենք վճռականօրէ՛ն կ՛ընդառաջենք Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղի պատասխանատուներու կոչին՝ պոյքոթելու «Ամերիքանա»ն, չերթալո՛վ այնտեղ եւ համոզելով նաեւ մեր շրջապատը, որ միանայ մեր քայլին:
Ինքզինք յարգող ոեւէ հայ չի՛ կրնար «Ամերիքանա» մտնել: Ինքզինք յարգող ոեւէ հայ չի՛ կրնար ներողամիտ աչքով նայիլ այս օրերը «Ամերիքանա» գացող ոեւէ ազգակիցի: