
ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օգոստոս 7ի երեկոյեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ամերիկայի Ասորի-ամերիկացիներու միութեան եւ Ասորիներու ցեղասպանութեան («Սէյֆօ) ուսումնասիրութեան կեդրոնին համատեղ կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկին, Ասորիներու յիշատակի օրուան առիթով։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլք, Քալիֆորնիոյ նահանգային խոր-հրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Սքաթ Շմերլսըն եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւ-մտեան շրջանի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան։

Իր ելոյթին մէջ, Յովսէփեան ցաւ յայտնեց, որ մինչ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ Եւրոխորհրդարանը «Իսլամական պետութեան» կողմէ գործադրուած ոճիրները «ցեղասպանութիւն» որակեցին, անոնք կը մերժեն նոյն որակումը տալ 100 տարի առաջ Թուրքիոյ գործադրած ոճիրներուն՝ միաժամանակ լուռ մնալով «Իսլամական պետութեան» բացայայտօրէն աջակցելու Անգարայի կեցուածքին ի տես։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ մոմավառութեամբ։