ՇՈՒՇԻ.- «Աւան Շուշի պլազա» կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի սփիւռքի եւ Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն ու Երեւանի պետական համալսարանին հետ միասին արդէն վեցերորդ անգամն ըլլալով կ՛իրականացնէ Ասմունքի համահայկական փառատօնը:
«Մենք կանգուն ենք մեր լեռների պէս» խորագիրին տակ ընթացող փառատօնը սկսաւ Յուլիս 31ին եւ նուիրուած է Շուշիի ազատագրման 25ամեակին:
Փառատօնը իր աշխատանքները մեկնարկեց Շուշիի Խ. Աբովեանի անուան դպրոցին մէջ: 100 շնորհալի պարման-պարմանուհիներ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Ռուսիայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը մասնակցին փառատօնին:
Բացման պաշտօնական արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ փառատօնի գաղափարի հեղինակ, ամերիկահայ գործարար, բարերար Ալէք Բաղդասարեան եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար Միքայէլ Համաբարձումեան:
Փառատօնը իր աշխատանքները պիտի աւարտէ այսօր՝ Օգոստոս 3ին: