ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անուանի գրագէտ-արուեստաբան Երուանդ Տէր Խաչատրեան (Եուրի Խաչատրեան) Օգոստոս ամսուն պիտի այցելէ Ամերիկա, եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ՝ պիտի մասնակցի գիրքի երեք շնորհահանդէսներու, ներկայացնելով նկարիչ Փանոս Թերլեմէզեանի յուշերու նորագիւտ հատորը՝ Ուոթըրթաունի, Նիւ Ճըրզիի եւ Կլենտէյլ մէջ:
Նկարիչ Թերլեմէզեանի յուշերը վերջերս գտնուած են Պետական պատկերասրահի արխիւներուն մէջ եւ հրատարակուած են Ամերիկայի ու Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան շնորհիւ:
Փանոս Թերլեմէզեան անուանի հայ նկարիչ մըն էր, որուն անունով կոչուած է Երեւանի Թերլեմէզեան արուեստի հիմնարկը:
Թերլեմէզեան բազմակողմանի անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր հետքը թողած է հայ արդի պատմութեան մէջ: Իբրեւ Վանի Արմենական կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը՝ ան ղեկավար հանդիսացած է 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան, որուն շնորհիւ Վասպուրականի հայութիւնը մեծ մասամբ ազատեցաւ Ցեղասպանութենէն՝ ապաւինելով ներկայ Հայաստանի հողին: Թերլեմէզեան եւս մաս կը կազմէր գաղթականներու այդ ստուար զանգուածին:
Աւելի հասուն տարիքին, Թերլեմէզեան որոշած է յառաջացնել իր տաղանդը արուեստի բնագաւառին մէջ՝ ուսանելով Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Փարիզի մէջ: Անոր յուշերուն գիւտը հանդիսացաւ գանձ մը, ոչ միայն իբրեւ յուշագրութիւն Վանի կեանքին եւ անոր դիւցազնական մարտերուն մասին, այլեւ՝ իբրեւ յայտնութիւն արուեստագէտին գրական անուրանալի տաղանդին:
Բացի Թերլեմէզեանի յուշերու խմբագրումէն, Ե. Տէր Խաչատրեան հսկայածաւալ գործ կատարած է Հայաստանի մէջ՝ խմբագրելով եւ հրատարակելով արեւմտահայ գրականութեան գանձերը: Հայաստանի մէջ քիչեր ծանօթ են արեւմտահայ գրականութեան գլուխ գործոցներուն, որոնց մասնագէտները կը հանդիսանան Սուրէն Դանիէլեանն ու հանգուցեալ Ալպէր Կոստանեանը:
Երուանդ Տէր Խաչատրեան ծնած է 1949ին, Հայաստանի Վետի շրջանի Քարախաչ գիւղը: 1975ին աւարտած է Հայաստանի Պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը: 1973ին ստացած է իր ասպիրանտուրան Ժամանակակից հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, իբրեւ թէզ ներկայացնելով Պարոյր Սեւակի քնարերգութիւնը:
Իբրեւ գիտաշխատող, ան ծառայած է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին (1972-79), իսկ 1979էն 1982 փոխտնօրէնը եղած է Հայաստանի Պետական պատկերասրահին: 1979էն 2000, Ռուսական գրականութիւն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Անոր գրականագիտական աշխատանքները կ՛ընդգրկեն Պարոյր Սեւակի, Կոստան Զարեանի, Հրանդ Նազարեանցի, Ինտրայի (Տիրան Չրաքեան), Կարպիս Սուրէնեանի, Ալպէր Կոստանեանի, Աբրահամ Ալիքեանի եւ Կարիկ Պասմաճեանի երկերը: Անոր աշխատանքները առաւել չափով կեդրոնացած են արեւմտահայ գրականութեան վրայ: Կազմած եւ հրատարակած է Հրանդ Նազարեանցի (1884-1962) միակ հատորը՝ «Աստեղահեւ Մենութիւն», ընդարձակ նախաբանով եւ ծանօթագրութիւններով:
Տէր Խաչատրեան հաւաքած, ծանօթագրած եւ ամփոփած է նաեւ Ինտրայի գործերը երկու հատորներու մէջ՝ «Հովին Ձայնը» վերնագիրով: Ա. հատորը արդէն լոյս տեսած է, իսկ Բ. հատորը կը սպասէ բարերարի մը հովանաւորութեան:
Տէր Խաչատրեան գրականագիտական խոր պատրաստութեամբ հրատարակած է Կարիկ Պասմաճեանի, Աբրահամ Ալիքեանի եւ Պեպօ Սիմոնեանի գործերը: Իր դասախօսական ու գրականագիտական աշխատանքներուն կողքին, Տէր Խաչատրեան խմբագրած է «Վարուժան» գրական-մշակութային ամսաթերթը (1996-1998), «Նորք» ամսագիրը (1998-1999) եւ «Գրական Թեր»չը: Ներկայիս, ան Երեւանի Պետական համալսարանի արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի դասախօս է։ Անդամ է Հայաստանի Գրողներու միութեան, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան եւ Լրագրողներու միջազգային միութեան:
Փանոս Թերլեմէզեանի յուշերու հատորին շնորհահանդէսները պիտի կայանան հետեւեալ քաղաքներուն մէջ, կազմակերպութեամբ՝ ԹԹՄի համապատասխան մասնաճիւղերուն.
– Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի՝ Ուրբաթ, Օգոստոս 4ին, ժամը 8ին, Թէքէեան կեդրոն (560 Sylvon Ave, Englewood Cliffs, New Jersey).
– Պոսթըն՝ Կիրակի, Օգոստոս 6ին, ժամը 12:30ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ.
– Լոս Անճելըս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ (1510 E. Mountain Street, Glendale)։ Այս յայտագիրին կը մասնակցին նաեւ Լիլիթ Քէհիայեան եւ Երուանդ Ազատեան: