ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 2017ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի բնակչութեան բնական աճը նուազած է:
Յուլիս 31ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ Ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեան, յայտնեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս կէս տարուան մէջ 18 հազարէն քիչ մը աւելի ծնունդ եղած է:
Սակայն 2017 թուականի առաջին կիսամեակին, այդ ցուցանիշը իջած է 17,200ի (17,169): Մահերուն թիւը մնացած է նոյն մակարդակի վրայ (14 հազարէն քիչ մը աւելի):