ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ստեղծագործական կեանքիս ընթացքին, պահ մ՛իսկ միտքիս ծայրէն չէի անցուցած, թէ օր մը առողջական վիճակս պիտի վատթարանար, կամ տարիքի բերումով պիտի դադրէի գրելէ կամ ստեղծագործելէ, կեանքս պիտի վերածուէր անհամ, իմաստազուրկ գոյութեան մը, չըսելու համար՝ անգոյութեան մը, իսկ աշխարհը փուլ պիտի գար վրաս: Լաւ որ ունէի տասնեակ մը անտիպ գործեր, որոնց վրայ կեդրոնանալու առիթը ստեղծեցին չարափաստիկ այդ ամիսները, եւ առօրեայ ճիգերս փուճ տեղ չգացին, գուցէ գրական վաստակիս վրայ բան մըն ալ աւելցուցին… Չմոռնանք լափալիսեան սա պարզ ճշմարտութիւնը, թէ կեանքի մէջ ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ ունի՝ բացառելով… Յաւիտենականութիւնը։
Ծանօթ-անծանօթ, մասնաւորապէս տասնամեակներու հաւատարիմ ընթերցողներս, առաւել եւս՝ գրչակից ընկերներս, տեսակ-տեսակ մեկնաբանութիւններ սկսան կատարելու, հայ մամուլի էջերէն եւ յատկապէս «Ասպարէզ»ի սիւնակներէն քիչ մը երկար տեւած բացակայութեանս վերաբերեալ, եւ յաճախ անճիշդ՝ սխա՛լ մեկնաբանութիւններով: Երանի՜ թէ չգրելուս պատճառը կամ բացատրութիւնը այնքան պարզ ըլլար:
«Ազդակ» թերթի մոլեռանդ ընթերցող, տասնչորս տարուան մշակութասէր պատանիս, գրական կեանքիս սկսայ ձեռագիր իմ թերթս հրատարակելով, Էշրէֆիյէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանէն ներս։ Ընդհանրապէս մարզական լուրերով յագեցած կ՛ըլլային հրատարակած իմ քանի մը ազազուն էջերս:
Մինչեւ տասը տարեկան հասակը բառ մը հայերէն չիմացող այս լաճէն՝ ի՛նչ յանդգնութիւն… Ապա, Պէյրութի «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրաչ Քաջարենցին եւ Վազգէն Այգունիին ուշադրութեան ու քաջալերանքին պիտի արժանանայի, իսկ աւելի ուշ՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի գուրգուրոտ վերաբերմունքին:
Ինչո՞ւ այդ բոլորին կ՛անդրադառնամ… Գուցէ ընթերցողներուս հետ բաժնելու համար գրել չկարենալու անասելի խոր ցաւս ու մորմոքս: Այո՛, երբեք չէի անդրադարձած այն իրողութեան, թէ ամբողջ կեանք մը, գիր ու գրականութիւնը ինչպիսի՛ խորութեամբ յագեցուցած, հարստացուցած եւ իմաստաւորած էին երիցս պանդուխտ հայու գոյութիւնս։
Հիմա փորձառու ընթերցողը հարցականի տակ պիտի դնէ բարբաջանք բուրող վերի տողերը: «Ա՛յ տղայ, ձեռքդ բռնո՞ղ մը կայ, հիմա ալ նստէ՛, գրէ՛… հիմա ալ նստէ՛ եւ ստեղծագործէ՛…»: Երանի՜…
Կ՛ուզեմ ձեզի հետ անկեղծ ըլլալ… Անցեալ Նոր Տարուան գիշերը հիւանդանոց փոխադրուեցայ ու վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուեցայ, որովհետեւ վիզէս վեր շնչափողս խցուած ըլլալով՝ թթուածին չէր հասներ ուղեղիս: Արդիւնքը՝ ուղեղային կաթուած: Տիրոջ, կողակիցիս եւ հանճարեղ վիրաբոյժիս կը պարտիմ գոյութիւնս: Անգիտակ, ուշ գիշերով ոտքի կանգնեցայ՝ բաղնիք ուղղուելու, եւ յանկարծ գլխու պտոյտ ունենալով՝ գլտորեցայ ու գլուխս ջարդեցի անկողնակից սեղանիկի սուր ծայրին հպելով: Այս մէկը յաջորդաբար չորս-հինգ անգամ կրկնուեցաւ… Շնչափողս գրեթէ խցուած ըլլալով՝ ուղեղս գրեթէ դադրած էր գործելէ:
Երբ վիզս ձախ կողմէն ճեղքելով շնչափողիս ուղին բացին, բժիշկս զիս զգուշացուց, թէ իբրեւ ստեղծագործ մարդ՝ յանկարծակիի չգայի, քանի որ այսուհետեւ ուղեղս նոյն թափով պիտի չգործէ: Մոռացկոտ պիտի դառնամ, երբեմն՝ զիս շրջապատող մարդոց եւ իրերու անունները մոռնալու աստիճան։
Հիմա գուցէ հարց տաք, թէ բուսական ներկայ մոռացկոտ գոյութենէս կամ դրոյթէս աւելի լաւ ու նախընտրելի պիտի չըլլա՞ր չուել-երթալը, քան՝ պարապ-տակառ կեանք մը քաշքշելը: Այդ մէկը անհատը չէ՛, որ պիտի որոշէ…
Կեանքի մէջ կը հասնիս հանգրուանի մը, երբ եսասիրաբար միայն դուն քեզի համար չես պահեր գոյութիւնդ: Շրջապատ ունիս, սիրելինե՛ր, մանկահասակ թոռներ ու տասնեակ մը անտիպ հատորներ, որոնց խմբագրումը, այս վերջին տասնութ ամիսներուն այնքա՛ն պիտանի դարձաւ՝ ստեղծագործել չկարենալու ցաւս մոռցնել տալով: Այո՛, այդ անտիպներն ալ քու ուղեղիդ, էութեանդ արգասիքն են, որոնք տասնեակ տարիներ խլած են կեանքէդ: Եւ գուցէ բան մը աւելցնեն վաստակիդ, եթէ օր մը բախտը ունենան լոյս աշխարհ գալու։
Սիրելի՛ ընթերցող բարեկամներ, ահա ա՛յս է իմ ոդիսականը, գրական կեանքիս վերջին արարը: Եթէ գրուած է, ապա ներկայ թմրութենէն դուրս գալով՝ գուցէ շարունակեմ ստեղծագործել: Քանի որ, ինչպէս փորձագրութեան սկիզբը շեշտեցի, չգրելը մա՛հ կը նշանակէ գրողի մը համար: