
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ միջազգային տուրքերու օրէնքներու մասնագէտ՝ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն (Քալիֆորնիա, Դ.) կը շարունակէ առաջ մղել Հայաստանի հետ տուրքերու աւելի նպաստաւոր համաձայնագիր մը մէջտեղ բերելու ջանքերը եւ յատկապէս՝ կրկնակի տուրքերէ խուսափելու աշխատանքը, որուն երկարամեայ ջատագովներէն մէկն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Քոնկրեսական Շըրմըն վերջերս հանդիպում մը ունեցած է մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար սոյն համաձայնագիրի գոյացման հարկաւոր բանակցութիւններուն սկսելու մանրամասնութիւնները։
Հանդիպումը առիթ մը եղած է նաեւ Հայ Դատին՝ իր երախտագիտութիւնը փոխանցելու Շըրմընի ստանձած այս դերակատարութեան համար։
Նշենք, որ Շըրմըն այս նպատակով մօտէն կը գործակցի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի իշխանութեանց գործադիր մարմիններուն հետ։ «Քաջալերուած եմ քոնկրեսական Շըրմընի տարած աշխատանքներով եւ այս նպատակով Հայաստանի իշխանութեանց հետ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի ունեցած խորհրդակցութիւններով», կը յայտնէ Շըրմընի հետ հանդիպման մասնակցած՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այտա Տիմէճեան։
Տուրքերու արդիական համակարգի մը որդեգրումը մեծապէս պիտի օժանդակէ Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ առեւտրական կապերու զարգացման՝ նպաստելով ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան եւ յատկապէս անոր տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու համար, որուն հրամայականներէն մէկն է 1973էն մնացած տուրքերու ներկայ դաշինքի արդիականացումը: