Ա. Պ.
Հայրենիքը իր ծանր վիճակէն դուրս բերելու համար «կոալիցիա» կազմելը հաւանաբար բաւարար չէ՛: Ազգային կամ համազգային ուխտով աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ՝ դիմագրաւելու համար արտագաղթը կանգնեցնելու եւ երկրի կենսունակութիւնը վերականգնելու մարտահրաւէրները:
Համազգային այս ուխտով, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, բոլոր քաղաքացիները, բոլոր սփիւռքահայերը՝ իւրաքանչիւրը պէտք է յանձն առնէ իր բաժին պատասխանատուութիւնը։ Այսպէս՝
Կառավարութեան անդամները պէտք է գիշեր-ցերեկ աշխատին (այդպէս ալ կ՛ընեն, կարծես):
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, իրենց շարքայիններով եւ ղեկավարներով, գիշեր-ցերեկ պէտք է աշխատին՝ արթուն հսկելով կառավարութեան աշխատանքներուն, ժողովուրդը իրազեկելով բոլոր թերութիւններուն մասին եւ պահանջելով անոնց վերացումը:
Օլիկարգները պէտք է քայլ առ քայլ զիջին իրենց առանձնաշնորհումները եւ իրենց գործունէութիւնը սկսին ծաւալելու բացառապէ՛ս օրինական դաշտի վրայ:
Ոստիկանութիւնը, օրինապահ բոլոր մարմիններն ու դատական իշխանութիւնները պէտք է յարգեն քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքները, արդար համակարգի պահապաններ դառնան ու արդարութիւնը հաւասարապէս բաշխեն բոլոր քաղաքացիներուն:
Սփիւռքահայերը՝ աւելի մեծ թիւերով այցելեն հայրենիք, եւ ժլատ զբօսաշրջիկներ դառնալու փոխարէն՝ լա՛յն բանան իրենց քսակները:
Սփիւռքահայ գործարարները՝ լրջօրէն ուսումնասիրեն եւրասիական եւ իրանեան շուկայ մտնելու Հայաստանի ընձեռած կարելիութիւնները, եւ սկսին արտադրական ձեռնարկութիւններ բանալու՝ ազատ գօտիներու վրայ։
Ազգային ուխտի ամէնէն կարեւոր առաքելութիւնը, պատասխանատուութիւնը, սակայն, դարձեա՛լ վերապահուած է մեր պաշտելի ժողովուրդին, որ՝ համբերէ, շարունակէ դիմանալ, յաղթահարէ ամէն փորձութիւն, ու առիթ տայ, որ միւսները տէր ըլլան իրենց վերապահուած պարտականութեանց:
Համբերէ եւ յոյսը չկտրէ…
Համբերող եւ յոյսով էի եւ շուրջիններուս ալ կը փոխանձէի խանդավառութիւնս: Այսօր շատ մոտիկ եւ հաւաստի աղբիւրէ լուր մը քանդեց հոգիս: Մաֆիայի մասին էր, Լիբանանի մէջ զայիմներ պիտի ըսէին, խլու առնողներ, պարտադիր դրամ վերցնողներ ինչպէս կառավարութիւնը: Օրինակը սուրաիհայի մը մասին էր եւ անոր նման Էրմիթաժի ծախողներուն որոնք խլու կը վճառէին զայիմներուն: Այդ լուրին վրայ պճգեցայ: Ի՞նչ Հայաստան, երբ ապրանքդ, տունդ, աֆթոդ, ուրիշ բաներ ալ քուկդ չեն: Ամօթ, հազար ամօթ: Այդ դէպքերու հեղինակները պէտք է վերցնել: Գա՞ղթ, անշուշտ, երբ ոչինչ քուկդ է: