Արդէն անցած է մէկ շաբաթ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) «Դէպի երկիր» ծրագիրի աշխատանքներուն սկսման՝ Հայաստանի Կոտայքի մարզի Չարենցաւան եւ Արցախի Մարտունի շրջաններուն մէջ: Առաջին օրէն իսկ մեծ թիւով պատանիներ արձանագրուած են ԶՈՄի կազմակերպած ճամբարներուն: Առաջին օրը ներկայ գտնուած են շուրջ 300 պատանիներ, իսկ հիմա արդէն թիւը կը հասնի աւելի քան 400 պատանիներու: Խանդավառութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, յատուկ եւ եզակի դրոշմ մը կը ձգէ պատանիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ մասնակից ԶՈՄականներուն վրայ: Ճամբարներու ծրագիրի բովանդակութիւնը իր զանազանութեամբ տարբեր զգացական հոգեվիճակի մը մէջ կը դնէ բոլոր մասնակից պատանիները:
Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ տարբեր բնոյթի դաստիարակչական, ազգային եւ մարդկային դասախօսութիւններ, որոնց ընդմէջէն Դաշնակցութեան գիրկը գտնուող պատանիները կը հասկնան տիպար մարդ եւ ապա տիպար հայ ըլլալու կարեւորութիւնը, անոնք ազգային եւ յեղափոխական դրուագներու ընդմէջէն կը սորվին նուիրուիլ ազգային գործին, կեդրոնանալ հաւաքական շահին վրայ եւ մէկ կողմ դնել անձնականը, անոնք կը հասկնան կարեւորութիւնը խմբային աշխատանքին, ինչպէս նաեւ լաւապէս կ՛ըմբռնեն մարդկային իրաւունքներու կարեւորութիւնը եւ առիթը կ՛ունենան գիտնալու իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները:
ԶՈՄականները պատանիներու ընկերակցութեամբ այցելեցին Մերուժան Մոսիեանի դամբարանը: Մերուժան Մոսիեան ծնած է Մարտունի, 1965ին. 1992ին ան կը նշանակուի Մարտունիի գումարտակի հրամանատար։ 23 Հոկտեմբեր 1993ին Մհեր Ջուլհաճեանի, Արտակ Մնացականեանի եւ Լեւոն Համբարձումեանի հետ կը նահատակուի ականի մը պայթումին հետեւանքով: Մոսիեան 1991ին ընտրուած էր ՀՅԴ Մարտունիի շրջանի կոմիտէի անդամ, իսկ 1992ին՝ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Այցելութեան ընթացքին, ԶՈՄականներն ու պատանիները լսեցին անոր կենսագրութիւնը, որուն ընդմէջէն ծանօթացան դաշնակցական զինուորի անձնուիրութեան ու հայրենիքին հանդէպ սիրոյն: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ զանազան տեսակի մտային եւ խմբային խաղեր՝ նկատի ունենալով, որ բոլոր մասնակիցները պատանիներ են, եւ հաւատալով խաղերու կարեւորութեան՝ պատանիներու անհատականութեան կազմութեան աշխատանքին մէջ: Առ այդ՝ գործուղման նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին յատուկ ժամանակ կը տրամադրուի պատրաստելու այնպիսի խաղեր, որոնք պիտի զարգացնեն պատանիին քննական միտքը, որ իր կարգին պիտի օժանդակէ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու աշխատանքին: ԶՈՄի նախաձեռնած ճամբարները ունին երկարաժամկէտ նպատակներ եւ չեն սահմանափակուիր երկշաբաթեայ հաւաքներով:
Պէտք է ճիշդ ձեւով ցանել հունտը, որպէսզի հետագային բերքը լաւ ըլլայ, առ այդ՝ պատանիներու հետ աշխատանքը կը նկատուի կարեւոր, որովհետեւ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելով, պատրաստած պիտի ըլլանք տիպար պետութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հզօր, անկախ եւ մեր գաղափարական սիւներուն վրայ հիմնուած պետականութիւն: