Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ 14 Յուլիսին յայտարարած էր թրքական բանտէն փախուստին մասին, ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած է Յունաստանի իշխանութիւններուն: Այս մասին մտաւորականը ըսած է «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան յայտնած է, որ գործընթացը յաջող կերպով աւարտելէ ետք, կը փափաքի այցելել Հայաստան:
«Գործընթացին այսօր կը սկսինք: Յունաստանը սկիզբէն նկատած եմ որպէս իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիք, անիկա շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ եթէ կեանքիս նոր շրջանը այստեղ անցնէի», ըսած է Նշանեան «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին՝ աւելցնելով. «Երբ կարենամ օրինական կերպով հանգիստ շրջիլ, առաջին իսկ կարելիութեան պարագային կը փափաքիմ այցելել Հայաստան: Բանտարկութեանս օրերուն, Հայաստան գտնուող ընկերներէս մեծ աջակցութիւն ու սէր ստացած եմ: Կան շատ մարդիկ, որոնց կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել»:
( Կարդալ նաեւ՝ Նշանեանի հետ «Արեւելք»ի հարցազրոյցը կարդալ ):