Դառն կսկիծով կը գուժենք մահը վաստակաւոր արուեստագէտ, հանրաճանաչ լուսանկարիչ, բեմադրիչ, հաւատաւոր Համազգայնական ու բոլորիս սիրելի՝ ընկ. Գալուստ Պապեանի, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի՝ 20 Յուլիսին, Թորոնթոյի մէջ։
Կցուած կը գտնէք մահազդը. յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս առաւօտեան ժամը 11-ին։
Խորապէս կը վշտակցինք իր տիկնոջ՝ սիրելի Տիկ. Յասմիկին, զաւակներուն՝ սիրելի ընկերներ Վարագին եւ Սարիկին, ինչպէս նաեւ համայն Պապեան եւ Պարսումեան ընտանիքներու անդամներուն։
Աւելորդ է ըսել՝ մեծ է կորուստը Թորոնթոհայ համայնքին, Համազգայինի մեծ ընտանիքին, հայ մշակոյթին։
Աստուած ընկ. Գալուստին հոգին լուսաւորէ. յիշատակը անմար։
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի վարչութիւն
(«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հասարակական գործիչ տոքթ. Մհեր Պապեանին իր կորուստին համար)
Սրտանց կը ցաւակցինք ոչ միայն Պապեան եւ Պարսումեան ընտանիքներու կորուստին, այլեւ՝ հաւատաւոր Համազգայնականին, որ իր տաղանդը ամբողջութեամբ նուիրաբերեց անոր բարգաւաճման: Մեծ է կորուստը նման հօր. Գալուստով եւ Յասմիկով դաստիարակուած զաւակները՝ Վարագն ու Սարիկը, իրենց ազգին ու մանաւանդ հայ դպրոցին ու Համազգայինին հանդէպ ցուցաբերած բծախնդրութեամբ կը հանդիսանան իրենց հօր՝ Գալուստին, երկար տարիներու երազներուն իրականացման առհաւատչեան: Վարդի եւ Սեդա Դանիէլեաններ
Խոր վշտակցությամբ ցավաքցում ենք համայնքի սքանչելի արվեստագետ Գալուստ Պապյանի ցավալի մահը ու հարազատներին ու ընկերներին ցանկանում համբերություն: Սարվարյան ընտանիք: