– Մասնակիցները Յարգանքի Իրենց Տուրքը Մատուցեցին Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Եւ Այցելեցին Հայկական Բանակի Զօրամաս
Այսօր երեկոյեան, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 7:30ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի համա-ՀՄԸՄ-ական 10րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած են միութեան 100-ամեակին: Կը սպասուի, որ բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուին եւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեն հայրենի պետական հիւրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու նախագահ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Տէր Պետրոսեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչներ:
Բացման հանդիսութիւնը պիտի ընդգրկէ մարզախաղերու պատուիրակութիւններու տողանցք, Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշահամալիրի անմար կրակէն բերուած ջահի բոցավառում, խօսքեր եւ համերգային բաժին: «Երկիր մետիա»-ն համացանցային ուղղակի կապով պիտի սփռէ բացման ամբողջ հանդիսութիւնը:
Առաջին Երկու Օրուան
Նախապատրաստութիւնները
Բացման պաշտօնական հանդիսութենէն օր մը առաջ` երէկ, մարզախաղերը արդէն ընթացք առին Երեւանի գլխաւոր դաշտերուն վրայ:
Խաղերէն օր մը առաջ, հինգշաբթի, 20 յուլիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներու ժողովը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շեշտեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը սովորական մրցումներ չեն, ուր յաղթողներ եւ պարտուողներ ըլլան: Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միջոց են ՀՄԸՄ-ի մարզիկները քով-քովի բերելու եւ միութենական առողջ մթնոլորտի մէջ, մէկ եւ միեւնոյն ընտանիքի պատկանելիութեան զգացումը ապրելու: Ասոնք երրորդ մարզախաղերն են, որոնք Հայաստանի մէջ կը կատարուին, ինչ որ առիթը կը ստեղծէ, որ ՀՄԸՄ-ականներ իրարու քով գալու առընթեր, հայրենիք գան, ազգային իրենց արժէքներուն ծանօթանան, ազգային իրենց ինքնութիւնն ու դիմագիծը ամրապնդեն եւ շրջաններ վերադարձին հայրենիքի սէրն ու կապուածութիւնը փոխանցեն իրենց շրջապատին, ըսաւ Մկրտիչեան:
Շարունակելով, Մկրտիչեան յայտնեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական այս մարզախաղերը նուիրուած են միութեան 100ամեակին: Մարզախաղերը ունին ՀՄԸՄ-ական նախագահ, ՀՄԸՄական մեկենասներ, որոնք կը հովանաւորեն 16 վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին նուիրուած բաժակներ, ինչպէս նաեւ սոյն մարզախաղերը ունին իւրաքանչիւր մարզախաղի ՀՄԸՄական մասնագէտ պատասխանատու մը: Հետեւաբար, շեշտեց ան, այս մարզախաղերը պիտի ըլլան 100ամեայ ՀՄԸՄի մարզական ուժին եւ կարողութիւններուն ներկայացման լաւագոյն առիթը:
Ժողովին խօսք առաւ համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց մարզախաղերուն կազմակերպչական ընդհանուր ընթացքը: Փաթիլ Եսայեան (Լիբանան) մանրամասնօրէն ներկայացուց մարզախաղերու կողքին նկատի առնուած յայտագիրները (դաստիարակչական հանդիպումներ, զօրանոց այցելութիւններ, բացման եւ փակման հանդիսութիւններ, ընկերային երեկոներ եւ այլն): Խօսքեր արտասանեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ Պերճ Թիւֆէնկճեան եւ Արմանտ Քիլեճեան (Միացեալ Նահանգներ): Թիւֆէնկճեան կատարեց մարզիկներու եւ մարզադաշտերու կապուած անմիջական փոխանցումներ, իսկ Քիլեճեան ներկայացուց այս առիթով ստեղծուած բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրը (http://10th-games.homenetmen.org), որուն շնորհիւ մասնակիցները, պատասխանատուներն ու աշխարհասփիւռ համակիրները վայրկեանը վայրկեանին կրնան հետեւիլ մարզախաղերու լուրերուն եւ արդիւնքներուն:
Աւարտին, խօսքեր արտասանեցին 9 մարզաձեւերու պատասխանատուները եւ ներկայացուցին իւրաքանչիւր մարզաձեւի գլխաւոր օրէնքները:
Մարզախաղերու Ծանօթացման
Մամլոյ Ասուլիսը
Ուրբաթ, 21 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինը «Մարիոթ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը հայրենի լրատուամիջոցներուն ներկայացուց մարզախաղերուն յայտագիրը, նպատակը եւ կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի կեանքին մէջ: Ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին եւ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան, մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան:
Հայկական Բանակի
Զօրամաս Այցելութիւնը
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու դաստիարակչական ծրագիրներու ծիրին մէջ, երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններէն մաս մը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Իշխան Եղիայեանի, Արմանտօ Թորգոմեանի եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց հայկական բանակի Նուպարաշէնի զօրամասը:
Աւելի քան 450 մարզիկ-մարզիկուհիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը շրջեցաւ զօրամասի զանազան բաժինները, ծանօթացաւ հայ զինուորի առօրեային, զինուորական նախապատրաստութիւններուն եւ օգտագործած զէնք ու զրահին` թեթեւ, կիսածանր եւ ծանր, մինչեւ «Թ72» տիպի հրասայլեր:
Հայութեան «կամաւոր բանակ»-ի անդամները զրուցեցին զօրամասի զինուորներուն հետ եւ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին մէջ անոնց ի գործ դրած մեծ զոհողութիւններուն համար:
Այցելութեան վերջին մասով, մարզիկ-մարզիկուհիները հաւաքուեցան զօրամասին հրապարակը, ուր հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ Յակոբ Աւետեան խրախուսական խօսք մը ուղղեց այցելուներուն: Ան ըսաւ, որ նման այցելութիւններ կը գօտեպնդեն հայ զինուորը եւ զգացնել կու տան, որ ան իր թիկունքին ունի ո՛չ միայն Հայաստանի երեք միլիոն ժողովուրդը, այլեւ աշխարհի 10 միլիոն համայն հայութիւնը: «Հայ զինուորը իր մարտունակութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ կարեւորագոյն երաշխիքն է մեր հայրենիքի հզօրութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման», նշեց ան:
Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Իշխան Եղիայեան: Ան յայտնեց, որ հայկական քաջարի բանակը ազգային մեր հպարտութիւնն է եւ արժանապատուութիւնը: ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 108 մասնաճիւղերը պէտք է նկատել հայկական բանակին մէկական զօրամասերը, ուր ՀՄԸՄ-ականներ կը սորվին ծառայել իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
Յաջորդեց յիշատակի նուէրներու փոխանցումը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան հրաւիրեց պատուիրակութիւններուն ներկայացուցիչները ՀՄԸՄ-ի կողմէ մարզական իրեր նուիրելու հայկական բանակին: Այս առիթով Թորգոմեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի մէջ բանակային մը կայ: ՀՄԸՄ-ի «կամաւոր բանակ»-ը միշտ եղած է ու պիտի մնայ ազգային բանակի կողքին, որովհետեւ ազգային արժէքները սրբութիւններ են ՀՄԸՄ-ական սերունդներուն համար:
Այսօր, մարզախաղերուն մասնակից երկրորդ պատուիրակութիւն մը կ’այցելէ նոյն զօրամասը:
Յարգանքի Տուրք` Ցեղասպանութեան
Նահատակաց Յիշատակին
Երէկ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Մեծ եղեռնի նահատակաց յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդ հասնելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկ-մարզիկուհիները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ անմար կրակի յուշակոթողը: Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան զետեղեց յարգանքի ծաղկեպսակ մը:
Յուշակոթողին մէջ, Մինաս աբղյ. Հախվերտեան Տէրունական աղօթքով եւ յատուկ շարականներով ոգեկոչեց յիշատակը «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ինկած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն: Ապա, մարզախաղերու մասնակիցներէն Յակոբ Թութուշեան (Հարաւային Ամերիկայէն) եւ Մեղրիկ Եագուպեան (Սուրիայէն) ՀՄԸՄ-ական նորահաս սերունդին յանձնառութիւնն ու պահանջատիրութիւնը արտայայտող խօսքեր ուղղեցին ներկաներուն:
Աւարտին, Իզապէլ Մարգարեան (Աւստրալիայէն) կատարեց «Տէր ողորմեա»-ն, որմէ ետք հնչեց ՀՄԸՄ-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»-ը:
Բարձրացի՛ր, բարձրացու՛ր …. յաջողութեան բարի մաղթանքներ , իմ հայազգի երիտասարդ սերունդը իր հայրենի հողին վրայ միասնաբար կը վայելեն սէրն ու գուրգուրանքը ՀՄԸՄի ճամբով դաստիարակուիլ ; Ձեզ կանաչ ճանապարհ ✝️✝️