ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ «բացայայտած է լրտեսական ցանց» մը, որ փորձած է տեղեկութիւններ ստանալ «բանակի եւ երկրի իրաւապահ մարմիններու գործունէութեանց ծրագիրներուն մասին»:
Այս «բացայայտման» գծով ձերբակալուած է Մուխթար Եաղուպովը, որ իբրեւ թէ «փորձած է լրտեսութեան ճամբով հաւաքուած տուեալները դուրս բերել»։
Նշենք, որ անցեալ Մայիսին, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ պետական ապահովութեան ծառայութիւնը միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած էին՝ պնդելով, որ խումբ մը զինուորներ եւ քաղաքացիներ՝ «ռազմական գաղտնի տեղեկատուութիւն փոխանցած են Հայաստանի հետախուզական եւ յատուկ ծառայութիւններուն»: