«Ալիք».- Լոս Անճելըսէն Հրայր Տէտէեան եւ Հռիփսիմէ Տատաեան-Բառնակեան Երեքշաբթի Յուլիսի 18ին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին յանձնեցին շուրջ 100 տարի իրենց գերդաստանին մօտ պահուած 15րդ դարու Աւետարանը:
Աւետարանը ընդօրինակուած է Երուսաղէմի մէջ, 1471ին: Այս արժէքաւոր ձեռագիրը, որ ծանօթ է «Հրաշափառ» եւ «Հրաշագործ» Աւետարան անուններով, պահուած եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Չարսանճագ գաւառակի Գոդառիճ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Ձեռագիրը 1918ի գարնան, Երեւանի մէջ, Գոդառիճ գիւղէն գաղթած հայ մը իր հիւանդութեան պատճառով ձեռագիրը յանձնած է Տատաեան գերդաստանի մեծ մօրը՝ Եղսային:
1918էն ի վեր ձեռագիրը երկար ճանապարհ անցած է: Անիկա նախ տեղափոխուած է Մարսէյ, ապա Օհայօ, աւելի ուշ՝ Քալիֆորնիա:
Սերունդէ սերունդ փոխանցուած սոյն Աւետարանը 1990ին ժառանգեցին Եղսայի թոռները՝ Հռիփսիմէն եւ Հրայրը, որոնք որոշում կայացուցին ձեռագիրը վերադարձնելու Երեւան՝ հայ ժողո-վուրդին:
«Երբ եղբօրս նամակ գրեցի եւ ըսի, որ միտք ունիմ Աւետարանը Մատենադարանին յանձնելու, վայրկեանական պատասխան եկաւ. «Շատ լաւ եւ ճիշդ որոշում տուած ես: Բոլորս ալ ուրախ ենք, որ այսպիսի ապահով տեղ մը պիտի պահուի անիկա. գիտենք, որ պէտք է հոգ տանին եւ արժէքը գիտնան», յայտնեց Հռիփսիմէն:
Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան Հռիփսիմէ եւ Հրայր Տատաեանները պարգեւատրեց «Մատենադարան» յուշամետալով: Ըստ անոր՝ այսպիսի պարգեւի կ՛արժանան միայն Մատենադարանի կարեւոր նուիրատուները եւ բարերարները:
Նուիրատուութեան արարողութեան ներկայ եղան Եղսա Տատաեանի թոռներն ու ծոռները: Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան յայտեց, որ նուիրատուութիւնը յատկապէս արժէքաւոր է, քանի որ անիկա ընտանիքին համար սուրբ մասունք եղած է:
Երեւանի Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան, իր կարգին, տեղեկացուց, որ յաճախ Երուսաղէմ գացող հայ ուխտաւորները կը հանգրուանէին Հալէպ, ձեռագիր կը պատուիրէին Երուսաղէմի վանքին նուիրելու համար: Բայց այս Աւետարանը բացառիկ է:
«18րդ դարի կէսերին Աւետարանը կազմուել է: Ե՛ւ կազմը, ե՛ւ ձեռագրի ոչ այնքան հարուստ մանրանկարչութիւնը բաւական արժէքաւոր են: Ես ամբողջ կեանքում Հայաստանում եւ արտերկրում ձեռագրեր եմ ուսումնասիրել, բայց ամբողջութեամբ սեւաթով (յատուկ բաղադրութեամբ մուգ ներկ) պատուած այսպիսի կազմ առաջին անգամ եմ տեսնում: Կան կազմեր, որոնց առանձին մասերն են սեւաթով պատուած, բայց որ ամբողջութեամբ պատուած լինի, առաջին անգամ եմ տեսնում», նշեց Գէորգ Տէր Վարդանեան:
Աւետարանը այսուհետեւ տեղ պիտի գտնէ մշտական ցուցադրութեան մէջ: Ցուցասրահի մէկ անկիւնը տեղ պիտի գրաւէ այս հրաշափառ Աւետարան, միւս անկիւնը՝ Շուրիշկանի հրաշագործը:
Նշենք, որ Հրայր Տատաեան հայրն է ազգային-հասարակական գործիչ, Հայ Դատի յանձնախումբի երկար տարիներու անդամ Սթիւ Տատաեանի, եւ Հռիփսիմէ Տատաեանը՝ անոր հօրաքոյրը: