
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը Յուլիս 17ին, Սոլթ Լէյքի «Ռէալ» խումբին դէմ կայացած բարեկամական մրցումին, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց՝ շնորհիւ Հենրիկ Մխիթարեանի հոյակապ կօլին (29րդ վայրկեանին) եւ կօլային փոխանցումին (38րդ), զոր կօլի վերածեց խումբի նոր մարզիկը՝ Ռոմելու Լուքաքու:
Եութայի մէջ կայացած սոյն մրցումը այնքան ալ բարեկամական չէր, որովհետեւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը պարտաւորուեցաւ մրցումը 10 մարզիկներով շարունակել, երբ 68րդ վայրկեանին դաշտէն հեռացուեցաւ Անթոնիօ Վալենսիան, խաղի օրէնքներու բիրտ խախտումի մը պատճառով:
Խաղը կը խոստանար դիտարժան դառնալ յատկապէս հայ համակիրներուն համար, քանի որ կ՛ակնկալուէր, որ դաշտին վրայ իրարու դէմ մրցին Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Մխիթարեանն ու հաւաքականի նախկին խաղացող Եուրա Մովսիսեանը, սակայն վերջինս, մարզումներուն ընթացքին վիրաւորուելուն պատճառով՝ չէր կրցած մասնակցիլ խաղին:
Նշենք, որ Յուլիս 15ին, «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըսի «Կալաքսի»ն։ Այս մրցումին եւս Մխիթարեան կօլ մը նշանակած էր։