ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք».- Ատրպէյճանի փոխադրական հարցերու պետական հաստատութեան ղեկավար Մայիս Աղիեւ յայտարարած է, թէ Պաքու որոշած է արտօնութիւն չտալ անցեալ շաբաթ շարք մը երկիրներու մէջ միացեալ սպասարկութիւն մատուցելու համաձայնութիւն գոյացուցած «Եանտեքս» (Yandex) եւ «Ուպըր» (Uber) ընկերութեանց, որ իրենց սպասարկութիւնները տրամադրեն Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս։
Այս որոշումին իբրեւ պատճառ ներկայացուած է այն իրողութիւնը, որ միացեալ ընկերութիւնը՝ «Եանտեքս»-«Ուպըր», պիտի գլխաւորէ «Եանտեքս»ի գլխաւոր տնօրէն Տիգրան Խուդավերդեանը:
Յատկանշական է, որ անցեալ շաբթուան համաձայնութենէն առաջ, «Եանտեքս»ը արդէն կը գործէր Ատրպէյճանի մէջ։
«Եանտեքս» եւ «Ուպըր» ընկերութիւնները որոշած էին «թաքսի» պատուիրելու իրենց առցանց ձեռնարկութիւնները միաւորել Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Պելոռուսի, Ատրպէյճանի եւ Ղազախստանի մէջ: