«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այսօր, մեր համահայկական, համագաղութային կառոյցներու տեղական մասնաճիւղերուն մէջ, կողք կողքի կը գործեն հայութեան աշխարհագրական սփռուածութեան իբրեւ հետեւանք կոտորակուած, մասնատուած բոլոր հատուածներէն եկողներ:
Այո՛, տակաւին ի զօրու են ենթահամայնքներէ՝ լիբանանահայեր, սուրիահայեր (այս երկուքին միջեւ նուազ շեշտուածութեամբ) իրաքահայեր, իրանահայեր, ռումանահայեր, Հայաստանէն եւ այլ շրջաններէ եկածները անջրպետող խրամատները, բայց կան նաեւ միատեղ գործելու ընդօրինակելի յաջողութիւններ:
Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, այսօր ողջունելի է բոլո՛ր հաւաքականութիւններէն եկածներու ներկայութիւնը: Ցանկալի է, անշո՛ւշտ, որ տարբեր շրջաններէ եկածներու համեմատութիւնները հաւասար կամ բաղդատելի ըլլան, կամ՝ համապատասխան ըլլան մեր համայնքին մէջ անոնց թուական համեմատութիւններուն:
Դժբախտաբար այդպէս չէ՛, եւ որոշ պարագաներու՝ աղաղակող տարբերութիւններ կան: Այս անհամապատասխանութիւնը երբեմն կը դժուարացնէ որոշ շրջանակներէ ներհոսքը եւ կը սատարէ այս կառոյցներու պատկանելութեան վերաբերեալ թիւրիմացութեանց տարածման: Շատերու մօտ կրնայ նոյնիսկ տպաւորութիւն ստեղծուիլ, թէ այս կազմակերպութիւնները լիբանանահայերու, սուրիահայերու, պարսկահայերու եւ իրաքահայերու համար միայն բաց են:
Յստակացման կարգով կ՛ուզենք ընդգծել, որ համահայկական բոլո՛ր կազմակերպութիւններուն դռները բաց են՝ բոլորի՛ն առջեւ, ուրկէ ալ եկած ըլլան անոնք: Խտրականութիւն չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Ոեւէ մէկը ինքզինք պէտք չէ օտար զգայ որեւէ հայկական կեդրոնի մէջ, որեւէ հայկական կազմակերպութեան մէջ: Բոլորս հաւասարապէս տէր ենք, բոլորս ալ հաւասարապէս կրնանք ղեկավար դիրքեր գրաւել մեր անդամակցած միութեանց մէջ: Գրկաբաց կը սպասենք բոլորի՛ն:
The doors are open to those who have our permission to enter…