ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնձրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Գունազարդ տօնը այս տարի տեղի ունեցաւ Յուլիս 16ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Երեւանեան «Գունազարդ վազք»ին մասնակցեցան շուրջ 2000 անձեր: Ընդլայնուած էր մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը. 2017ին առաջին անգամ ըլլլալով վազքին մասնակցեցան Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ:
«Այս տարի փոփոխութիւնները շատ են. առաջին անգամ զայն կ՛իրականացնենք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ընդլայնուած են բարեգործական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ շատցած է մասնակիցներու թիւը: Մասնակիցները տարբեր տարիքի են. կան մինչեւ 55 տարեկաններ, նոյնիսկ 14 տարեկանէն փոքր երեխաներ, որոնց մասնակցութիւնը նախօրօք համաձայնեցուցած ենք ծնողներուն հետ», յայտնեց նախագիծի հիմնադիր-նախագահ Ղազար Յակոբեան ու աւելցուցած, որ փորձած են միաւորուիլ մարդոց վազքին շուրջ եւ զարգացնել մարզական զբօսաշրջութիւնը:
Ըստ Յակոբեանի՝ մասնակիցներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աճի, որ կը նշանակէ, թէ իսկապէս հետաքրքրութիւն կայ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ:
Միլենա Խաչատրեան 2րդ տարին է որ կը մասնակցի «Գունազարդ վազք»ին, պարային խումբի ընկերներուն հետ: «Հաճելի է տեսնել, որ մարդիկ այսքան աշխոյժ են: Կը կարծեմ մարզանքը շատ կարեւոր է: Ոգեւորիչ է նաեւ այն փաստը, որ հասոյթը պիտի ծախսուի բարեգործական նպատակով», ըսաւ ան:
Նախ կատարուեցաւ մասնակիցներու հաւաքագրումը, այնուհետեւ ֆիթնես-նախավարժանք, վազք եւ լաւագոյն 6 վազողներու պարգեւատրում: Վազքուղին 5 քմ. էր՝ Հանրապետութեան հրապարակէն Վազգէն Սարգսեան, Իտալիոյ, Պէյրութի, Ամիրեան փողոցներ, Մաշտոցի պողոտայ, Իսահակեան, Նալբանդեան փողոցներով մինչ Հանրապետութեան հրապարակ:
Յաղթող տղաներն են՝ Մելիքսէթ Կարապետեան, Անդրանիկ Մարգարեան եւ Մհեր Մաշումեան, իսկ աղջիկները՝ 3րդ՝ Էլեն Յովհաննիսեանն, 2րդ՝ Կարինէ Աւետիսեան, իսկ առաջինը՝ Սառա Ֆանթայն, Նիւ Եորքէն:
Սառան, նման վազքերու յաճախ մասնակցած է, բայց այս մէկը իր ամենասիրելին է: «Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը վազէի եւ իսկապէս շատ զուարճացայ: Մասնակցելու համար խորհուրդ տուած էին գործընկերներս, որոնք մասնակցած էին նաեւ նախորդ տարի: Ինծի շատ հաճելի էր գոյները, մարդիկ: Յաջորդ տարի անպայման նորէն պիտի մասնակցիմ», յայտնեց Սառան:
Յաղթողներուն համար նուէրներ պատրաստած էին նախաձեռնութեան հովանաւորները, իսկ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն նուիրեց զբօսաշրջութեան փաթեթ: Ատոր յաջորդեց երաժշտական հրավառութիւն: